
Sign up to save your podcasts
Or


ՖՐԱՆՍԱ Ազգային ժողովի նախագահուհին՝ հրէական ձայնասփիւռի հաղորդումին մասնակցած է Հայաստանի զօրակցութեան նշանակով
Արցախի Նուիրուած` «Պատերազմի Եւ Երազներու Երկիր» Լեհական Առաջին Շարժապատկերը
https://www.aztagdaily.com/archives/467322
ֆիլմը դիտել Kraj Wojny i Marzeń - filmy dokumentalne, Oglądaj na VOD TVP
https://vod.tvp.pl/filmy-dokumentalne,163/kraj-wojny-i-marzen,343065
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ Բացառիկ հանդիսաւորութեամբ եւ մեծ շուքով վերաբացուեցաւ «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանը:
Սիրելի Շաքէ, Ձայնդ կը ջերմացնէ, կը փայփայէ ոչ միայն բովանդակութեան պարունակութիւնը ընկալելու , այլ կը շոյէ լսողին զգացողական, լսողական եւ հոգեմտաւոր ներաշխարհը, ձայնդ եւ շունչդ անսպառ մնայ անվերջ: Արա Սայեղ
Պահպանուած հնատիպ Հայերէն տպագիր գիրքերու ժառանգութիւնը Լեհաստանի մէջ դոկտ․ Արա Սայեղ
Դարերու ընթացքին գրաւոր մշակոյթի՝ ձեռագիրներն ու գիրքերը մշտապէս եղած են սփիւռքահայուն կեանքի ուղեւորութեան անբաժան, վստահելի եւ սրտակից ուղեկիցները: Բայց այդ գիրքերու դեքերումները բարդ եւ երբեմն ողբերգական պատմութիւններ եղած են անոնց սեփականատէրերու ճակատագիրներուն նման ։ Նոյն ճակատագրին արժանացած են նաեւ լեհահայ դարաւոր համայնքի հայերէն ձեռագիրներու, հնատիպ տպագիր գիրքերու վաւերական ժառանգութիւնը։ Որուն մէկ մասը պահպանուած է Լեհաստանի այսօրուայ սահմաններէն ներս, իսկ միւս մասը կորած կամ ոչնչացած է եւ կամ պահեստի վայրը անյայտ է։
Պէտք է մատնանշել, որ Նունէի պրպտումներն ու հետազօտութիւնը կարելի է համարել ամբողջացնող ինքնայատուկ շարունակութիւն մը, համալրող կամրջում մը Նունէի գիտական օգնական ղեկավարի եւ ներկայիս Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող դոկտ․ Փիրուզ Մնացականեանի հետազօտութիւններուն, որոնք աւարտած էին 26.Յունիս.2015 թուականին Փիրուզի դոկտորականի ատենախօսութեան հանրային պաշտպանութեամբ։
Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը կատարուած է
Էրտողան.– «Թուրքիա Շուշիի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն պիտի բանայ»
Հայաստանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանը այցելած է Մանչեսթըրի հայկական եկեղեցին