ԱԶԴԱՐԱՐ

ԱԶԴԱՐԱՐ

Download on the App Store

ԱԶԴԱՐԱՐ episodes

  • «ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ» լսարանի Ա. հանդիպում Փրոֆ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

    Քուէյթի Հայ Դատի յանձնախումբը ստեղծած է «ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ» անունով առցանց լսարան մը, որ կը միտի ներկայացնել ամսական հերթականութեամբ ազգային մտահոգութիւններ ու պատմաքաղաքական նիւթեր ու վերլուծութիւններ:

    Սոյն լսարանին կրնաք միանալ բոլորդ եւ մասնակից դառնալ ձեր հարցերով ու մեկնաբանութիւններով:

    Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021-ին, ժամը 9:00-ին, տեղի ունեցաւ լսարանի անդրանիկ հանդիպումը: Թեման նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակաման 103-րդ ամեակին:

    Օրուան դասախօսն էր ՀՀ Ազգային Ակադեմիայի տնօրէն, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան:

    Դասախօս նախ անդրադարձաւ Մայիսեան յաղթանակի պատմական ծալքերուն հակիրճ, ապա զուգահեռներով ներկայացուց 1918-ի եւ 2020-ի Հայաստանի հանրապետութիւններուն անցած ճանապարհի մասին:

    1 hr 16 min
  • ԸՆԿԵՐ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

    Արցախեան նորօրեայ պայքարի  ընթացքին քաջաբար նահատակուած ու անմահացած  հերոսներու փաղանգին միացաւ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի երբեմնի Ուսուցիչ, Երաժիշտ, Դպրեվանեցի, Մտաւորական, Ազգային յեղափոխական երգերու արի ու խիզախ մեկնաբան՝ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆը, որ իր կեանքը ընծայաբերեց ՀՀ Պաշտպանութեան Բանակի «Կամաւորական շարժում» ջոկատին կողմէ կազմակերպուած  հակայարձակման՝ յանուն Վարանգաթաղ  բարձունքի ազատագրման։

    Յաւերժ փառք քե՛զ հերոս նահատակ Ընկեր Գէորգ...

    Քուէյթահայութեան յուշամատեանին մէջ փայլուն ու յաղթական էջ մը արձանագրեցիր քու արեան հեղումովդ...

    քաղուած՝ Քուէյթի Ազգային վարժարանի կայքէջէն:

    «ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌԻՒ»

    Kevork Hadjian Gevorg Hajyan: HARATEV KRIV Lyrics and Director: Samvel Tadevosyan Compositor: Samvel Galstyan Sound Engineer: Levon Hakhvertyan music arrangement: Vahan Harutyunyan Ваган Арутюнян

    7 min

About ԱԶԴԱՐԱՐ

From the publisher's feed

«ԱԶԴԱՐԱՐ» ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ