Sign up to save your podcasts
Or

Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան
Երկօրեայ Սեմինար
Յունիս 22 եւ 23, 2024 Սոնթրէալ, Քէպէք
Սեմինարի նիւթերը կը ներկայացնեն՝
Տիկ. Լոռի Հարպոյեան
Հայ մանուկի լեզուական զարգացումը մեր սփիւոքի բազմալեզու
իրականութեան մէջ
Ընկհ. Նաթալի Կէօքշէնեան
“The Well Spoken Woman” գիրքը by Christine K. Jahnke "Your Guide to Looking and Sounding your Best"
Աշխատանոց վարողներ՝
Ընկհ.ներ Ալիք Ֆարրա Գիրէջեան եւ Յասմիկ Ծառուկեան Տոկունութիւն եւ Արիութիւն (Resilience and Grit)
"Attendees will learn to navigate challenges with adaptability and perseverance, gaining tools for goal-setting and resilience"
Ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլի
Ներառութիւն եւ պատկանելիութիւն (Inclusion and Belonging)
Արձանագրութեան եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել ՀՕՄ-ի տեղական մասնաճիղերու վարչութեանց մինչեւ Մայիս 10, 2024
Սեմինարի վայր
Մոնթրէալի Հայ Կեդրոն 3401 Olivar Asselin Montreal, QC.
Կեցութիւն
Le St. Martin Hotel & Suites, Laval, QC.
Կեցութեան սակ՝ 1 գիշեր 2 հոգի՝ $300.00 տուրքերը ներառեալ Սեմինարի մասնակցութիւն՝ $160.00 Ոչ անդամի՝ $170.00
Տեղերը սահմանափակ են, արդ՝ յարգել վերոնշեալ ժամկէտը։
Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
Մտերմիկ զրոյց մը Տիկ.Նանոր Աշնա Սնապեանին հետ պոլսահայ գրող Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններուն վերջալոյսը» վէպին շուրջ
https://pakine.net/archives/1312
https://www.arasyayincilik.com/yazarlar/%D5%A6%D5%A1%D6%82%D5%A7%D5%B6-%D5%BA%D5%AB%D5%BA%D5%A5%D5%BC%D5%A5%D5%A1%D5%B6/
Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմի աշխատակից Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, որ իր ներկայացումը սկսաւ ըսելով. «Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքը լոյս տեսած է Մոնթրէալի մէջ, 2023-ին, մեկենասութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան: Բժիշկ Հարպոյեան գիրքը ձօնած է Գանատայի ՀՕՄ-ին, ինչպէս ինք կը յիշատակէ իր ներածականին մէջ՝ “Նկատի ունենալով, որ հատորը կը խօսի հայ իգական սեռի առաքելութեան եւ հայ բժշկուհիներու կատարած առողջապահական-բժշկական ծառայութիւններուն եւ հայ կեանքէն ներս անոնց ունեցած ազգային եւ հասարակական դերակատարութեան մասին”»:
Թիթիզեան յայտնեց, թէ «Գիրքը կը բաղկանայ 213 էջերէ, կողքին նկարը կը կազմեն գիրքին մէջ տեղ գտած 56 բժշկուհիներէն տասը հատին նկարները՝ իրարու կցուած: Գիրքը կը սկսի Ժամագիրքէն բժշկութեան աղօթքով: Բովանդակութենէն ետք կայ բժիշկին գրիչով ներածականը, ապա ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան խօսքը գիրքին հրատարակութեան առթիւ: Գիրքը կը բաժնուի երկու գլուխներու. առաջինը՝ Անուանի հայ բժշկուհիներ, իսկ երկրորդը՝ Աքսորեալ հայ բժշկուհիներ: Առաջինին մէջ ներառնուած են 43 բժշկուհիներ, իսկ երկրորդին՝ 13, որոնք տեղ գտած են գիրքին մէջ մականուններու այբբենական շարքով: Հարպոյեան կը յիշէ, թէ Այս հատորի պատրաստութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է մտաւորական իր բարեկամը՝ Սարգիս Մահսէրէճեան»:Գիրքի ներկայացման ընթացքին սահիկներով նկարներու ցուցադրութեամբ, Թիթիզեան ժամանակագրական կարգով անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած կարգ մը ուշագրաւ բժկուհիներու կենսագրականին, կարգ մը իրագործումներուն եւ անոնց տարած հայրենանպաստ ու հայանպաստ գործունէութեանց, ան յիշեց Աղուիթա իշխանուհին, առաջին Հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժ Սահակդուխտը, Ռուբինեանց տոհմին առաջին թագաւոր Լեւոն Մեծագործի դուստր Զապէլ իշխանուհին եւ Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսի մէջ անոր կառուցած աշխարհի առաջին բարեգործական հիւանդանոցը, Օսմանեան կայսրութեան առաջին կին բժշկուհի Զարուհի Գաւալճեանը, յեղափոխական գործիչ Համօ Օհանջանեանի կինը՝ Ռուբինա Օհանջանեանը, որ կատարած էր Սուլթան Ապտիւլ Համիտի մահափորձը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանի կինը՝ բժշկուհի Կատարինա Զալեանը, ազգային գործիչ Վահան Փափազեանի (Կոմս) կինը Հեղուշ Փափազեան, որուն անունով անուանակոչուած է Լեռնալիբանանի Ռաուտա շրջանի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղը, Քարոլան Աբրահամեան Նաճարեանը, որ իր ամուսնոյն հետ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին նուիրած է երկու շէնք, եւ որ անոնցմէ մէկը կոչուած է տէր եւ տիկին Նաճարեաններու անունով: Ապա գիրքին երկրորդ մասէն յիշեց աքսորեալ բժշկուհիներ Հայկանդուխտ Պահլաւունին, Վահանդուխտ Կանայեանը եւ Մարօ Մուրատեանը, որոնք «Հայաստանի մէջ, խորհրդային տարիներուն,- կ’ըսէ բժիշկ Հարպոյեան իր Ներածականին մէջ,- ենթարկուած են բռնադատումներու, վարկաբեկումի, ձերբակալումի, բանտարկութեան եւ աքսորի: … Դատապարտուած եւ աքսորուած բժշկուհիները «վայելած են» սիպերեան աքսորի դաժան կեանքը, ենթարկուած են հոգեկան, մարմնական եւ մտային ճնշումներու եւ ստրկութեան: Սակայն բոլորն ալ, իրենց տոկունութեամբ, Նոյի համբերութեամբ եւ հայ կնոջ վայել պատուախնդրութեամբ ու հայրենասիրական ոգիով, դիմագրաւած են աքսորի դժոխային պայմանները, պայքարած են յարատեւ, եղած են իրապաշտ եւ լաւատես ու սպասած են արդարութեան լուսաբացին: Անոնցմէ շատեր աքսորի մէջ ուսանած են, իբրեւ բժիշկ ծառայած են մարդկութեան համաձայն իրենց տուած Հիփոկրատեան ուխտին: Ազատագրուելէ եւ Հայաստան վերադառնալէ ետք, անոնք շարունակած են իրենց բժշկական-առողջապահական ծառայութիւնը ի սպաս դնել Հայ ժողովուրդի առողջապահութեան, հիւանդ հայ մարդուն ցաւը փարատելու եւ հիւանդ հայը բուժելու»:
Սուրբ Յակոբ: Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան «Հորիզոն»

Սիրելի Հայրենակիցներ,
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Ջաւախք» Հիմնադրամի յանձնախումբը, լաւատեղեակ ըլլալով Ջաւախքի լեզուական, կրթական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային հարցերուն եւ լաւապէս ըմբռնելով ջաւախքահայութեան կարեւորութիւնը Մայիս ամիսը հռչակած է «Ջաւախքի ամիս»: Ամիսը պիտի յատկանշուի քարոզչական, հանգանակային եւ այլ ծրագիրներով, որոնց ընթացքին մեր թերթերու, ընկերային ցանցերու եւ հեռատեսիլի ճամբով ձեզի պիտի ներկայացուին ՀՕՄ-ի հովանաւորած երեք երիտասարդական կեդրոններուն եւ Ախալքալաքի TUMO-ի ծրագիրներուն սատար հանդիսանալու կարեւորութիւնը:
ՀՕՄ-ը կը հաւատայ, որ ջաւախքահայութեան գոյատեւման գլխաւոր առանցքը հանդիսացող երիտասարդութիւնը կառչած պէտք է մնայ իր հողին եւ տէր կանգնի իր պապենական ժառանգին:
ՀՕՄ-ը կը հաւատայ նաեւ, որ համատեղ ճիգերով այս երիտասարդական կեդրոնները ամուր պէտք է պահուին, ազգային դաստիարակութեան նպատակով նորահաս սերունդները պէտք է շարունակեն մէկ յարկի տակ համախմբուիլ եւ մասնագիտական դասընթացքներու հետեւիլ: Սակայն, այս բոլորը կը կարօտին մեծ նիւթական նպաստի:
Ուստի, ձեզի կը դիմենք, որպէսզի նշանակալից հանգանակութեամբ սատարէք այս կեդրոններուն պահպանման եւ զարգացման:
Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն զօրակցիլը ազգային անյետաձգելի պարտականութիւն մըն է:
Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-
1) Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Relief Society of Canada
3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5
2) Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/
սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Javakhk fund-ը՝
3) Ե-փոխանցումով (E-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ [email protected]
Հարցազրոյց՝ վիպագիր Շողեր Ալին Մարգարեանի հետ իր նոր գրքին հրատարակութեան առթիւ
(«Կանչ» Բ. շրջանի Ա. թիւ)
«Կորսուած տառը» կը գտնէք Համազգայինի գրատարածին մօտ կամ Ամազոնի վրայ։
Սակ՝ $25
Bloopers at the end
Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
From the publisher's feed
Հայ Օգնութեան Միութիւնը մարդասիրական միութիւն մըն է, որ կը ծառայէ հայ ժողովուրդին եւ կը ձգտի պահպանել հայութեան մշակութային ինքնութիւնը միշտ հաւատարիմ մնալով իր նշանաբանին՝
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ,…
Founded in 1910, The Armenian relief Society is an independent non-governmental, philanthropic and not for profit society serving the humanitarian, social and educational needs of Armenian and non-Armenian alike. "With The people, for the people"