Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Download on the App Store

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս episodes

  • «Նոր Յառաջ» 2025 Սեպտեմբեր 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՓԱՐԻԶ - Հայաստան մասնակցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Արհեստական բանականութիւնը եւ կրթութեան ապագան» վերտառութեամբ համաժողովին։

    Իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեանի համաձայն՝ Պաքուի հայ գերիներու շրջանակին մէջ եղած են անձնասպանութեան փորձեր։

    Ըստ իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեանի՝ արդէն 100.000-է աւելի «արեւմտեան ազերպայճանցիներ» արձանագրուած են Հայաստան վերադառնալու համար։

    Արագածոտնի թեմի Ներքին Բազմաբերդ գիւղի վերանորոգուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին շուտով իր դռները կը բանայ։

    Դիլիջանի մէջ բացուած է հիւրընկալութեան միջազգային դպրոցը։

    6 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Սեպտեմբեր 2-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԻՐԱՆ - Փերսեփոլիսի տարածքին տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 100-ամեակին նուիրուած համերգ։

    «Արցախի կանչը» յուշակոթողին բացումը՝ «Եռաբլուր» պանթէոնի մէջ։

    Լիլիթ Մակունց նշանակուած է վարչապետ Փաշինեանի գլխաւոր խորհրդական։

    Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին նուիրուած է Գէորգ Չաուշի այրիին՝ Հեղինէն բնատիպ լուսանկարը։

    14 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Օգոստոս 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Երբ Իսրայէլի համար Հայոց ցեղասպանութիւնը անգամ մը եւս կը դառնայ հաշուեյարդարի մանրուք։

    Անգարա կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Նեթանիահուի յայտարարութիւնը։

    Փաշինեան. «Հայաստանցիները Շուշի կարող են գնալ որպէս զբոսաշրջիկ»։

    ԹՈՒՐՔԻԱ - Կարսէն Նախիջեւան երկաթուղիին հիմնարկէքը։

    7 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Օգոստոս 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՖՐԱՆՍԱ - Մահ՝ աշխարհաքաղաքագէտ եւ աշխարհի յեղափոխութիւններու վկայ Ժերար Շալեանի։

    ՀԱՅԱՍՏԱՆ  - Գիւմրիի մէջ կը տեղադրուի Կարօ Սասունիի արձանը։

    Զօրավար Անդրանիկի կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

    Դատարանը երկու ամիս երկարաձգած է Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութիւնը։


    10 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Օգոստոս 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Թրամփ, Փաշինեան եւ Ալիեւ ստորագրած են Խաղաղութեան համաձայնագրի մտադրութեան մասին հռչակագիրը։

    ՍԻՍԻԱՆ - Հայ-իրանական «Նաւասարդ» մշակութային, խոհարարական փառատօնը։

    Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ հարիւր երեխաներ մեկնած են Հունգարիա՝ մասնակցելու եօթնօրեայ ամառնային ճամբարին։

    ԻՐԱՆ – ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ - Սուրբ Թադէի վանքի եռօրեայ ուխտագնացութիւնը։



    7 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Օգոստոս 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԻՏԱԼԻԱ - Միջազգային փառատօնին Արցախի պետական համոյթները մասնակցած են հպարտօրէն պարզելով Հայաստանի ու Արցախի դրօշները։


    Օրինակելի նախաձեռնութիւն մը - «Սամուէլեան» գրատան քանի մը մասունք կը հանգրուանէ Մատենադարան։

    ԵՐԵՒԱՆ - Ազգային երիտասարդական համաժողովի բացման արարողութիւնը։

    ԱՄՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Հայաստանի բանակի 19 ենթասպայ մասնակցած է ԱՄՆ-ու Քանսաս նահանգի զինավարժութեան ծրագրին։

    ԻՐԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Իրանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն կիները այցելած են Հայաստան։

    ԳԵՐՄԱՆԻԱ - «Երեւան» երիտասարդական նուագախումբին ելոյթը Պերլինի պատմական «Konzerthaus» դահլիճին մէջ։

    8 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Օգոստոս 2-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    «Ֆիկառօ» Երեւանը դասած է աշխարհի հինգ վարդագոյն քաղաքներու շարքին։

    Հայաստանի պետական ամավարկէն 93 միլիոն դրամ կը յատկացնէ 13-րդ դարու ձեռագիր մատեանը գնելու եւ Մատենադարան փոխադրելու համար։

    Արցախեան մշակոյթը կը ներկայացուի Իտալիոյ միջազգային փառատօնին։

    Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ - Ռուսական թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին Այվազովսկիի եւ այլ նկարիչներու կտաւները։

    10 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յուլիս 31-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Հայ դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբը կը դատապարէ շուրջ երկու միլիոն հոգիի դէմ կիրարկուող պաշարման եւ սովամահութեան քաղաքականութիւնը։

    ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Թիֆլիսի հայկական թատրոնի վերանորոգուած շէնքը շուտով կը բանայ իր դռները։

    ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Հարիւրաւոր երիտասարդներ ոգեկոչած են Լիզպոնի հինգ անմահներուն յիշատակը։

    Մասուտ Փեզեշքեան. «Թեհրան պէտք է արագօրէն բարելաւէ յարաբերութիւնները դրացիներուն հետ»։

    16 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յուլիս 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԵՐԵՒԱՆ - Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը «Հանրապետութիւն» Հրապարակին վրայ’

    ՖՐԱՆՍԱ - Ֆրանսա շուտով պէտք է կնքէ ռազմավարական գործընկերութիւն Հայաստանի հետ՝ ըստ Ազգային ժողովին ներկայացուած բանաձեւի առաջարկի մը։

    ՓԱՐԻԶ - Դեսպան Խաչատրեանի հանդիպումը Ֆրանսայի բանակներու սպայակոյտի պետ Թիէրի Պիւրքարտի հետ։

    «Ժանսեմ. կենդանի գծի վարպետը»  - Ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչին 105-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւն Երեւանի մէջ։


    ԹՈՒՐՔԻԱ - Հայրենի «Վերադարձ» համոյթը կէս ճամբէն ետ վերադարձած է Թունճելիի նահանգապետարանը արգիլած ըլլալով անոնց համերգը։

    ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Իսրայէլացի երկու երիտասարդուհիներ փորձած են հաշիշ ծխել Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ։

    10 min

About Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

From the publisher's feed

Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը