
Sign up to save your podcasts
Or


Washington Post. «Կլիմայի համաժողովը կ՚օգնէ Ազերպայճանի բռնապետական վարչակազմին»։
Պաքուի դատարանը երկարաձգած է Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութիւնը։
Ապարանը՝ 2025-ի երիտասարդական մայրաքաղաք։
ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ - Հայաստանի «Գեղարդ» երգչախումբին ելոյթները։
ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Առաջնորդական պատարագ Տհօքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ։
ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Հայ իրաւապաշտպանները Լորտերու պալատին մէջ ներկայացուցած են Ազերպայճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը։
ՓԱՐԻԶ - Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան պարգեւատրուած է Ֆրանսայի Բանակներու նախարարութեան ոսկէ մետալով։
ՀԱԼԷՊ - Լեւոն Շառոյեանի «Հերկ եւ բերք» գիրքին շնորհահանդէսը։
ՊՈԼԻՍ - Պատրիարք հայրը շնորհաւորած է փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլուն։
Լոյս տեսած է Ազնաւուրի «La vie selon Charles» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը։
«Հայկական մշակոյթի օրեր» Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ։
ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Դերասան Լեւոն Պուռունսուզեանին շնորհուած է «Մոնթէվիտէոյի պատուոյ քաղաքացի» կոչումը։
Մահ՝ Կարպիս Ափրիկեանի։
Մահ՝ Պատուելի Սամուէլ Սահակեանի։
Տարօն Աճեմօղլու՝ Սայմըն Ճոնսոնի եւ Ճեյմզ Ռոպինսոնի հետ, արժանացած է տնտեսագիտութեան բնագաւառի Նոպէլեան մրցանակին։
ՊՈԼԻՍ - Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։
Հնագէտները յայտնաբերած են Հայաստանի ամէնէն հին եկեղեցին։
«Էրեբունի-Երեւան 2806»-ի տօնակատարութիւնը։
ՓԱՐԻԶ - Հայ երիտասարդներու բողոքի ցոյցը՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ։
ԹՈՐՈՆԹՕ – ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Ազատ արձակեցէ՛ք Ազերպայճանի մէջ ապօրինի բանտարկուած հայ գերիները։
Նետերլանտներու խորհրդարանը որդեգրած է երկու բանաձեւեր՝ դատապարտելով Պաքուի ապօրինի գործողութիւնները։
ԻՏԱԼԻԱ - Հայաստանի դեսպանին շնորհուած է «Premio Gazzetta Diplomatica»-ի «Արժանիքի հաւաստագիր»-ը։
ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ - Հայկական բարձրորակ գինիները ներկայացուած են բրիտանացի հանրութեան։
ՄՈՍԿՈՒԱ - Փաշինեան. «Մենք պատրաստ ենք այս ամիս իսկ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Ազերպայճանի հետ»։
ՉԻՆԱՍՏԱՆ - Չինական Մեծ պարիսպին վրայ ներկայացուած են հայկական մշակոյթը, ապրանքները, արուեստն ու զբօսաշրջային գրաւչութիւնը։
ԹԻՖԼԻՍ - «Շուշանիկ թագուհու գումարտակը» վաւերագրական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը։
ԵՐԵՒԱՆ - «Էրեբունի-Երեւան» երգը՝ Փլասիտօ Տոմինկոյի եւ Ջուլիանա Գրիգորեանի կատարողութեամբ։
Անիի Ապուղամրենց Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ պատերու գրութիւնները մաքրելու աշխատանք կը տարուի։
ՓԱՐԻԶ - Ռեմոն Գէորգեան պարգեւատրուած է իր՝ «Ցեղասպանութիւն մը լրումին հասցնել» գործին համար։
ՓԱՐԻԶ - Ֆրանսախօսութեան աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած լուսանկարներու ցուցադրութիւն։
ՄՈՍԿՈՒԱ - Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած «Parajanov-fest» համառուսաստանեան փառատօնը։
ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Փարաճանովեան ֆիլմերու շաբաթ։
Խաժակ արք. Պարսամեան Վատիկանի մէջ կը մասնակցի Կաթոլիկ եպիսկոպոսներու սինոդոսին։
ԼԻԲԱՆԱՆ - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան՝ Լիբանանի ներայի կացութեան մասին։
ՓԱՐԻԶ - Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նոր շէնքը։
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - 60 գոնկրէսականներ Ուաշինկթընէն կը պահանջեն պատասխանատւութեան երթարկել Պաքուն՝ իր ռազմական յանցագործութիւններուն համար։
ՈՒՔՐԱԻՆԱ - Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնի նորոգուած տարբերակի անդրանիկ ցուցադրութիւնը։
ՓԱՐԻԶ - Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 3-ին աշխատանքային այցով ժամանած է Ֆրանսա։
ՓԱՐԻԶ - Ազնաւուրին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն՝ Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարի մէջ։
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը կոչ կ՚ընէ Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ առժամաբար խուսափելու Լիբանան այցելութենէն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Ազգային ժողովը մերժած է արցախցիներու կենսական պայմանները ուսումնասիրող քննիչ յանձնախումբ ստեղծելու ընդդիմութեան առաջարկը։
ԻՏԱԼԻԱ - Մեծարանքի երեկոյթ՝ նուիրուած նկարիչ եւ քանդակագործ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին։
Մարտիրոս Սարեանի ջրաներկ գործերու բացառիկ ցուցահանդէս՝ Գիւմրիի մէջ։
ՖՐԱՆՍԱ-ՎԱԼԱՆՍ - ՀՄԸՄ Վալանսի տղաքը ենթարկուած են FC Turquoise-ի խաղացողներու եւ համակիրներու յարձակման։
ՖՐԱՆՍԱ - Ազնաւուրի լուսանկարչական տաղանդը՝ Սէն-Թրոփէի բացօթեայ ցուցահանդէսին։
«Կոմիտաս» թանգարան-հիմնարկի յարակից զբօսայգիին մէջ բացումը կատարուած է Աւրորա Մարտիկանեանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին։
ԻՏԱԼԻԱ - Պառիի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան բացումը կատարուած է։
Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուեցաւ 21-րդ դարու չորրորդ Միւռոնը եւ կոչուեցաւ «Դրոշմ ինքնութեան»։
Վերանորոգումէն ետք վերաօծուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը։
ՖՐԱՆՍԱ - «Լա Գռուա» օրաթերթը իր առաջին էջին հրատարակած է արցախեան ողբերգութեան տարելիցին նուիրուած մեծ լուսանկար մը։
ԼԻԲԱՆԱՆ - Հեզպալլահի առաջնորդը՝ Նասրալլահ սպանուած է իսրայէլեան յարձակման մը ընթացքին։
Նիւ Եորքի քաղաքապետը կ՚ամբաստանուի թրքական կողմէն կաշառք ստացած ըլլալու մեղադրանքով։
Յորդանան Արցախի մասին պատմող «Տունս քաղցր ա» ֆիլմը պիտի ներկայացնէ «Օսքար»-ի մրցոյթին։
From the publisher's feed