
Sign up to save your podcasts
Or


Թոյվօ Քլաար.– «Հայ գերիներու մահապատիժը պատերազմական ոճիր է եւ պէտք է պատժուի»։
Ֆրանսայի դեսպանուհի.– “Հայերը պէտք է խաղաղ ապրելու կարելիութիւն ունենան” ։
Արշաւ՝ «Կուկըլ»-ի մէջ՝ հայկական վայրերուն տրուած ազերպայճանական տեղանուններուն դէմ։
Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյ տարածաշրջան կ՚այցելէ։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Գրիգորեան-Հաճիեւ հանդիպում՝ ամերիկեան նախաձեռնութեամբ։
Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը։
ԵՐԵՒԱՆ - Քննարկուած են Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման եւ տարածման հեռանկարները։
ԱՄՆ-ու իշխանութիւնները կը քննարկեն Հայաստանին զէնք վաճառելու հարցը։
Գիտաժողով՝ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» նիւթին շուրջ։
ԱՐԺԱՆԹԻՆ - «Սա նոր ցեղասպանական փորձ է եւ ապացոյցները յստակ են»
Հայ համայնքի բողոքի ցոյցը՝ ընդդէմ Ազերպայճանի։
Փարիզ - Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհիին եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցչին մամլոյ ասուլիսը։
Լիբանան - Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունած է Ռընօ Միւզըլիէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
ԻՏԱԼԻԱ - Հայ ձեւագէտները առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս մասնակցած են Միլանոյի նորաձեւութեան շաբթուան։
ՖՐԱՆՍԱ - Հայաստանին ու Արցախին զօրակցութեան երեկոյթ Ծերակոյտին մէջ։
Հայաստանի դրօշը ծածանած է Փարիզի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ։
ՃԱՓՈՆ - Հայկական մշակութային փառատօն՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով։
Ազերպայճանի յարձակման հետեւանքով զոհուածներու եւ անհետացածներու թիւը հասած է 207-ի։
Ազերպայճանական յարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են հինգ զինուոր հայուհիներ։
ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Արարատ Միրզոյեան.– “Ազերպայճանի բանակը պէտք է քաշուի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն”։
ՖՐԱՆՍԱ - Մարսիլիոյ, Փարիզի, Լիոնի եւ Վալանսի մէջ կազմակերպուած ցոյցերով դատապարտուեցաւ Ազերպայճանի յարձակումը։
ՊԷՅՐՈՒԹ - Հազարաւոր Լիբանանահայերու բողոքի ցոյցը։
Գեղարքունիքի, Սիւնիքի ու Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած են նուազագոյնը 7.600 քաղաքացիներ։
«Ազերպայճան բռնագրաւած է Հայաստանի 8,5 քմ. լայնքով, մինչեւ 7,5 քմ. խորութեամբ ինքնիշխան տարածք»։
ԹՈՒՐՔԻԱ - «Հրանդ Տինք» մրցանակի դափնեկիրներն են՝ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց հիմնարկը եւ աֆղան Շահարզատ Աքպար։
Ըստ Փաշինեանի՝ Սեպտեմբեր 14-ին զոհերու թիւը 105 էր։
Թշնամին բռնագրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն 10 քառակուսի քիլոմեթր։
Համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցչական հանդիպում Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։
Ազերպայճան կրկին յարձակման անցած է, այս անգամ՝ Հայաստանի դէմ։
Ֆրանսա պիտի դիմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։
Վերջապէ՛ս յանդուգն ձայն մը / Քալիւրանտ.– «“Երկու կողմերուն” զսպուածութեան կոչեր յղող “անատամ” յայտարարութիւններու ժամանակը չէ» ։
Ուրիշ յանդուգն ձայն մը՝ երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիի ելոյթը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ։
«Թուրան» գործակալութեան համաձայն՝ «Ազերպայճանի բանակին հրահանգուած է պատրաստ ըլլալ»։
Համաշխարհային հայկական վեհաժողովը՝ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 28-31-ին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Վիգէն արք. Այքազեան ԵՀԽ-ի փոխատենապետ ընտրուած է։
ՊՐԻՒՍԷԼ - Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ խորհրդաժողով՝ «2020-ի պատերազմը եւ մարդկային իրաւունքները Արցախի մէջ» խորագրով։
From the publisher's feed