Զրոյց՝ Լիբանանի հայ համայնքի վաստակաշատ բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեանի հետ անդրադառնալով ներկայ օրերու թատրոնի գործունէութեան եւ գալիք օրերուն նախատեսուած առցանց թատերգութիւններ ներկայացնելու ծրագիրներու մասին:
Վկայութիւններ Յովհաննէս Հելվաճեանի թատերական գործունէութեան եւ անոր ղեկավարած «Կոմիտաս» թատերախումբի մասին:
Լիբանանահայ անուանի գրող, գրականագէտ, բազմավաստակ կրթական մշակ, բանաստեղծ, արձակագիր,լրագրող, հասարակական գործիչ՝ Պէպօ Սիմոնեանի վկայութիւնը.- «Բոլորովին առանձին, թատրոնի սէրն ու կիրքը մղած է բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեանը, որ հիմնէ «Կոմիտաս» թատերախումբը 1977ին՝ լիբանանեան կեանքի պատերազմական պայմաններուն մէջ ծառայելու համար հայ բեմին: Լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը իր էջերուն կ՛արձանագրէ նաեւ անունը Յովհաննէս Հելվաճեանին եւ իր «Կոմիտաս» թատերախումբին»:
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան երիցագոյն անդամ, հայագէտ, գրաբարագէտ, մտաւորական, հրապարակագիր եւ բառարանագիր Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի վկայութիւնը .- Յովհաննէս Հելվաճեանը աւելի գնահատելու եւ յաճախ քաջալերելու, որովհետեւ ան իր ժամանակի պայմաններէն անդին ապրող, գաղափարապաշտ, մշակութային ծրագիրներով բեղուն, բայց օրապահիկով համեստ արուեստագէտ մըն էր: Կը հաւատամ, ազգիս անմահութեան ու կը հաւատամ, որ հայութիւնը եթէ դարերու ձուլումին դէմ տոկաց, պատճառը նաեւ Յովհաննէս Հելվաճեաններու նման կարգ մը եկեղեցական, մտաւորական ու ազգային նուիրեալներու ներկայութիւնն է մեր շարքերուն մէջ: Թող անոնք անպակաս մնան մեր մէջ, որպէսզի հայը իր մշակոյթով գոյատեւէ աշխարհի երեսին… Վարձքդ կատա՛ր, Յովհաննէս…»:
Հաղորդումը պատրաստեց եւ ներկայացուց՝ Շաքէ Մանկասարեան:«Սփիւռքի Ձայնը» հաղորդաշար՝ 18 03 2021