RADIO AYK

RADIO AYK

By Chake Grogan Շաքէ ՄանկասարեանMusic
Download on the App Store

RADIO AYK episodes

  • «Նոր Յառաջ»-1832-ի 26 Յունուար 2023 ձայնագրեալ լրահոսը
    • Թուրքիոյ սահմանամերձ Հայկաձոր բնակավայրի չէզոք գօտիին մէջ գտնուող Կարմիր վանքի նոր խաչի օծման արարողութիւնը: Ըստ արձանագրութեան, եկեղեցւոյ կառուցման նախաձեռնողը եղած է Հոռոմոս  վանքի առաջնորդ Սարգիս եպիսկոպոսը, ճարտարապետը՝ Սամեհա, 980-985 թուականներուն։
    • ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ Սեւ ծովի ափին գտնուող Վառնա քաղաքին մէջ կը հիմնուի պուլկարահայ մշակութային տեղեկատուական կեդրոն։  «Բարեգործական» Միութեան անդամները քննարկած են նաեւ 1977-1983 թթ. Վառնայի բժշկական համալսարանի տնօրէն, դասախօս փրոֆ. Կարապետ Գաբրիէլեանի անունով փողոց մը անուանելու եւ անոր խորաքանդակը տեղադրելու ծրագիրը: Ան եղած է ժահրաբանութեան ամպիոնի եւ քաղաքի քանի մը հիւանդանոցներու հիմնադիրը։ Ներկայիս իր որդին «Բարեգործական» միութեան խորհուրդի փոխնախագահն է։
    • 10 min
    • «Նոր Յառաջ»-1831-ի 24 Յունուար 2023 ձայնագրեալ լրահոսը
      • Արցախի մէջ շուրջ 20.000 երախայ զրկուած է կրթութիւն ստանալու կարելիութենէ
      • ՖՐԱՆՍԱ  Արցախի մարդասիրական ճգնաժամին մասին արդար ու խիզախ զեկուցում մը  հեռատեսիլի LCI կայանէն
      • 100 թոն պարէնային օգնութիւն պատրաստ է առաքուելու Արցախ
      • Հայաստան գտնուող Արցախի քաղաքացիների խնդիրներով զբաղւում է Հայաստանի կառավարութեան կողմից ստեղծուած աշխատանքային խումբը՝ Արցախի պատկան գերատեսչութիւնների հետ փոխգործակցութեամբ»,– նշուած է Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնի յայտարարութեան մէջ, ուր ընդգծուած է, թէ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել Հայաստանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցչութեան, հետեւեալ թիւերով. 044 249 977 – 044 249 988:
      • 7 min
      • «Նոր Յառաջ»-1830-ի 21 Յունուար 2023 ձայնագրեալ լրահոսը
        • Արցախի դպրոցներու եւ ուսումնական հաստատութիւններու դասընթացքները առժամաբար կը դադրեցուին
        • Լեմքին հիմնարկը կոչ կ՚ընէ Պայտընին, Շոլցին եւ Մաքրոնին լուրջ վերաբերելու Արցախի Հայերու դէմ ցեղասպանութեան սպառնալիքին
        • Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է Ազերպայճանը խստօրէն պարսաւող բանաձեւ մը
        • 4 min
        • «Նոր Յառաջ»-1829-ի 19 Յունուար 2023 ձայնագրեալ լրահոսը:
          • Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած դեղորայքը փոխադրած է Արցախ
          • Կարօ Փայլան Բերձորի միջանցքի շրջափակման մասին գրաւոր հարցում ուղղած է Չաւուշօղլուին
          • ՄԻԵԱ-ն Բերձորի միջանցքը ապաշրջափակելու որոշումը վերահսկելու նպատակով հրատապ ծանուցագիր յղած է Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու յանձնաժողովին
          • 2022-ին թրքական զէնքի արտածումը գերազանցած է 4 միլիառ տոլարը, որ շուրջ 36 տոկոսով աւելի է 2021-ի բաղդատմամբ։
          • 6 min
          • «Նոր Յառաջ»-1827-ի ձայնագրեալ լրահոսը 14 Յունուար 2023
            • Թուրքիոյ Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը հրաւիրած է Հայաստան–Թուրքիա խաղին
            • Ան նաեւ «կոչ» ըրած է Արցախահայութեան` նշելով, որ «Պաքու պիտի ապահովէ այն ամէն ինչը, որ անհրաժեշտ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը մնան եւ կ՚ապրին Ազերպայճանի մէջ», եւ աւելցուցած, որ «բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այնտեղ [Ստեփանակերտ] ապրիլ Ազերպայճանի դրօշին տակ՝ որպէս Ազերպայճանի քաղաքացի, պիտի վայելեն պայմաններ, իրաւունքներ եւ ապահովութիւն։
            • 6 min
            • «Նոր Յառաջ»-1828-ի ձայնագրեալ լրահոսը 17 Յունուար 2023
              • Եւրոպայի ամէնէն հին հայկական եկեղեցին կը գտնուի Ռումանիոյ Պոթոշանի քաղաքին մէջ
              • Քահանայ եւ ազգագրագէտ Տան Տիմիթրի իր «Ուղղափառ Հայերը Պուքովինայի մէջ» խորագրեալ հատորին մէջ կը գրէ, թէ Ս. Մարիամ եկեղեցին այն աճման կեդրոնն էր, որու շուրջ 14-րդ դարուն պիտի զարգանար հայկական թաղամասը, որու բնակիչները գլխաւորաբար հայ վաճառականներ էին,  որոնք լքած էին իրենց երկիրը, Հայաստանի երբեմնի ծաղկուն մայրաքաղաք Անին հիմնովին աւերած 1319-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք։ «Այդ տարին շատ Հայեր գաղթեցին Պոթոշանի եւ Սուչավա՝ իրենց մայրաքաղաքը աւերած երկրաշարժէն յետոյ լքելով հայրենիքը, որպէսզի նոր կեանք կառուցեն այստեղ»,– գրած է ան։ 
              • Երեւան եւ Վենետիկ այսուհետեւ կ՚ունենան օդային ուղղակի հաղորդակցութիւն

              • 9 min
              • «Նոր Յառաջ»-1826-ի ձայնագրեալ լրահոսը 12 Յունուար 2023
                • Արցախի Հանրապետութեան բժշկական կեդրոններուն մէջ 2022-ին լոյս աշխարհ եկած է 1623 մանուկ Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն՝ Հանրապետութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ 2022-ին ծնած է 1623 երախայ, որոնցմէ 15-ը՝ երկուորեակ: 43 արցախցի մանուկ ալ լոյս աշխարհ եկած է Հայաստանի մէջ։ 2023 Յունուար 1-8 Արցախի մէջ ծնած են 43 երախաներ: Շրջափակման օրերուն Արցախ ծնած մանուկներու թիւը 110-ն է:
                • Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, 8 տարուան դադարէ ետք, առաջին անգամ Սուրբծննդեան պատարագ մատուցուած է։2015-ին Սուրի մէջ ծայր առած բախումներու հետեւանքով եկեղեցին լուրջ վնասներ կրած էր, սակայն վերանորոգուելէ ետք կրկին բացած էր իր դռները։Պատարագին մասնակցելու համար Պոլիսէն Տիգրանակերտ ժամանած է հայր Նաթան Արաբեան։ Տարբեր քաղաքներէ բազմաթիւ Հայեր եւ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» նահանգային համանախագահները ներկայ գտնուած են պատարագին։
                • Ազգայնական եւ Ռուսաստանի ընդդիմադիր իր կեցուածքով ծանօթ «Ժողովրդավարական բեւեռ» կուսակցութեան մաս կազմող «Սասնայ ծռեր»-ու համակիրները ուզած են մօտենալ ռազմակայանին, անոր փակման պահանջով։

                • 8 min
                • «Նոր Յառաջ»-1825-ի ձայնագրեալ լրահոսը 10 Յունուար 2023
                  • ԵԱՀԿ-Ի ՄԷՋ ԱՄՆ-ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆԻՆ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՚ԸՆԷ ԱՆՅԱՊԱՂ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԲԵՐՁՈՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ԱԶԱՏ ԵՐԹԵՒԵԿԸ
                  • ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ 145 ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ 94-ՐԴ ՏԵՂԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ
                  • ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԷ
                  • 6 min

                  About RADIO AYK

                  From the publisher's feed

                  Radio AYK Armenian online radio station [email protected]