Սուրբ Հոգիին մասին հարազատ գիտութիւն ունենալը կարեւորագոյն սկզբնակէտ մը պիտի ըլլայ հաւատացեալին համար՝ իր առաքելութիւնը զորութեամբ կատարելագործելու համար: Տէր Յիսուս Իր աշակերտները պատրաստեց, որպէսզի լաւապէս ճանչնան Սուրբ Հոգին եւ իրենց առաքելութիւնը սկսին Անոր հետ գործակցելով (տե՛ս Յհ 14—16):
Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Աստուած Իր գործերը սկսաւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ միշտ Անոր միջոցաւ կը կատարէ զանոնք: Աստուածաշունչը կը յայնտէ նաեւ, թէ Աստուած ստեղծագործութիւնը ըրաւ Իր խօսքով եւ Սուրբ Հոգիին գործակցութեամբ (Ծն 1.2-3):
Աստուած երկիրը յանձնեց մարդոց պատասխանատուութեան (տե՛ս Սղ 115.16), եւ մարդոց հետ գործակցելով կը միջամտէ եւ Իր օգնութիւնն ու ծրագիրները կը հրամցնէ, որպէսզի մարդիկ երկիրը կառավարեն Աստուծոյ տեսակէտով:
Սուրբ Հոգին կը գործակցի այն մարդոց հետ, որոնք Քրիստոսով Աստուծոյ նապատակներուն համաձայն կ'ապրին երկրի վրայ: [...]
Վեր.Գէորգ Չափարեան