
Sign up to save your podcasts
Or


Սուրիոյ Պատմութեան դասագիրքերէն ջնջուած է «Օսմանեան բռնագրաւում» ձեւակերպումը։
Չեխական ծանօթ կայքերէն մէկը Հայաստանը ներառած է 2025-ի ամէնէն հետաքրքրական զբօսաշրջային վայրերու ցանկին մէջ։
ՎԵՆԵՏԻԿ - Լոյս տեսած է Հ․ Վահան վրդ․ Յովհաննէսեանի «Բարի լոյս Հայաստան» հայկական աւանդավէպը։
ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Հայաստանի մասին պատմող լուսանկարչական ցուցահանդէս։
Ամանորեայ ուտելիքը կ՚ընդգծէ տօնական սեղաններու միասնական ազգային բնոյթը։
Մոմավառութիւն՝ Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ։
Սուրբծննդեան տօնին առթիւ՝ ընդունելութիւն եւ հայրապետական այցելութիւն։
Հայ-իրանական սահմանը այսուհետեւ կը վերահսկեն մի՛այն Հայաստանի սահմանապահները։
Իսրայէլ աշխուժացուցած է զէնքի մատակարարումները Ազերպայճանին։
2024-ին Հայաստանի Պատմութեան թանգարան այցելած է աւելի քան հարիւր հազար հոգի։
Հայաստանի՝ 2024-ի գիտական նուաճումները։
Փաշինեան. «Հայոց պատմութեան» դասագիրքը պէտք է վերանուանուի «Հայաստանի պատմութիւն»։
Ոսկեայ դրոշմաթուղթ նուիրուած՝ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին։
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ - Քերալա նահանգի միջազգային փառատօնին ցուցադրուած են հայկական ժապաւէններ։
ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Պաքուպայի վերանորոգուած «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ Սուրբ սեղանին օծումը։
ԹՈՒՐՔԻԱ - Օրտուի մէջ գտնուած հայատառ գերեզմանաքարը պահպանութեան տակ առնուած է։
ՖՐԱՆՍԱ - Հրապարակուեցաւ Պայրուի՝ նոր կառավարութեան կազմը։
1920-ականներուն Լիբանանի մէջ հայ որբերու հիւսած գորգը նուիրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին։
ԵՐԵՒԱՆ - Վերածնուած Արցախի սենեկային նուագախումբին անդրանիկ ելոյթը։
ԻՐԱՆ - Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հանդիպումը՝ հայ եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։
ԻՏԱԼԻԱ - Հայագիտական գիտաժողով՝ Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանին մէջ։
Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է Աւետիս Հաճեանի «Թուրքիոյ թաքնուած հայերը» գիրքը։
ԻՐԱՆ –ԹԱՒՐԻԶ - Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում» մատենաշարի Գ. հատորի շնորհահանդէսը։
ՍՈՒՐԻԱ - ՄԱԿ-ի բանագնացը հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ։
ՄԱՐՍԻԼԻԱ - « Henri Verneuil, raconteur d’histoires » գիրքի ներկայացումը։
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - ՇԱՒԻԼ - Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի նոյ լոյս տեսած գիրքի շնորհահանդէսը։
ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ - Բարեսիրական տօնավաճառ՝ յաջակցութիւն Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։
ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Հայաստանի եւ Ուրուկուայի միջեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է։
ՊՐԻՒՍԷԼ - Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը կոչ յղած է Եւրոպական Միութեան՝ զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։
Ազերպայճանցի դատախազները Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շուրջ 45 յօրինուած նոր մեղադրանք յարուցած են։
Հալէպի հայկական վարժարանները վերսկսած են իրենց ուսումնական ընթացքը։
ՊԵԼՃԻՔԱ - Հայաստանի դեսպանին դասախօսութիւնը Լուվէնի կաթողիկէ համալսարանին մէջ։
ՓԱՐԻԶ - Հայաստան-Սփիւռք խմբակցութեան առաջին հանդիպումը։
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - ՓԼԵՍԻ-ՌՈՊԵՆՍՈՆ - Շէն-ի տարեկան տօնավաճառը։
ՊՈԼԻՍ - Մահացած է պոլսահայ հրատարակչական աշխարհի ամէնէն ծանօթ դէմքերէն Եդուարդ Թովմասեան (Թոմօ)։
Սուրիոյ դպրոցներն ու համալսարանները ուսումնական իրենց ընթացքը կը վերսկսին։
Հայ գրականութիւնը՝ չինարէնով։
Համազգայինը լոյս ընծայած է «Իմ Արցախ» եւ «Իմ Հայաստան» գրքոյկները։
ՖՐԱՆՍԱ - Տխրունի - Մահ՝ Գրիգոր Փափացեանի։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - «Երէկ եւ այսօր. Ժագ տը Մորկանի հետքերով» խորագրեալ միջազգային ցուցահանդէս։
ԻՏԱԼԻԱ - Շողակաթ Վարդանեանի «1489» ժապաւէնը շահած է Հռոմի միջազգային փառատօնի մրցանակը։
Միրզոյեան. «Մեր տարածաշրջաին մէջ ցեղասպանութեան ականատես եղանք ոչ միայն 110 տարի առաջ, այլեւ անցեալ տարի՝ 2023-ին»։
ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Ոգեկոչուած է հայ նշանաւոր քեամանչահար Սաշա Օգանեզաշվիլիի յիշատակը։
Սուրիա եւ սուրիացիք կը ջանան վերադառնալ բնականոն կեանքի։
Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան շէնքին վրայ կը ծածանի նոր իշխանութեան դրօշը։
ԵՐԵՒԱՆ - Տօնական մթնոլորտ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։
ԵՐԵՒԱՆ - Զահրատի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս։
ՄՈՍԿՈՒԱ - Հոգեւոր-դասական երաժշտութեան երեկոյթ՝ հայկական եկեղեցւոյ «Տապան» թանգարանին մէջ։
Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Քեմալ Եալչընի՝ Գարեգին արք. Պեքճանին նուիրուած գիրքը։
From the publisher's feed