Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Download on the App Store

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս episodes

  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Պաքուի դատարանը մերժած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու բանտարկութիւնը փոխարինել տնային կալանքով։

    ՊԵԼՃԻՔԱ - Դեսպան Տիգրան Բալայեան մասնակցած է ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսաւոր ձեռնարկին։

    ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Յուշ-երեկոյթ նուիրուած՝ Առնօ Բաբաջանեանին։

    Տարեկան ուխտագնացութիւն՝ դէպի Յորդանան գետ։

    5 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԼԻՈՆ - Ռումանահայ գրող Վարուժան Ոսկանեան Լիոնի մէջ ներկայացուցած է իր «Շշուկներու մատեան» հատորը։

    ՓԱՐԻԶ - Հայաստան առաջին անգամ կը մասնակցի «Wine Paris» գինիներու միջազգային ամէնամեայ ցուցահանդէսին։

    ԱՄՆ - Հայ դերասաններու մասնակցութեամբ Շոն Պեյքըրի «Անորա» ֆիլմը թեկնածու է «Օսքար»-ի մրցանակին։

    ԻՏԱԼԻԱ - Եղիշէ Չարենցի իտալերէն եռահատորի շնորհահանդէսը։

    ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Պարպին եւ Եղէգնաձորը կը դառնան զուգորդուած քաղաքներ։

    ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ - Վարչապետ Փաշինեանի զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

    10 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Հայաստանի փառերգի փոփոխութեան մասին օրէնքը ընդունուած է։

    Օփերայի եւ պալէի թատրոնը այլեւս ազգային պիտի չըլլայ։

    Փաշինեան՝ Արցախի նախկին պաշտօնատարներու դատավարութեան մասին. «Տեսարանները, որ տեսանք, մտահոգիչ են»։

    Ազգային գրադարանին մէջ բանախօսութիւն՝  նուիրուած Գրիգոր Պըլտեանի 80-ամեակին։

    ՇՈՒԷՏ - Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցած է Էօրեպրոյի հայ համայնքին հետ։

    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Պաքու կը փորձէ խաբել համաշխարհային հանրութիւնը՝ խաղալով Արցախի ղեկավարութեան «բաց դատավարութիւն»։ Փաստաբանները իբրեւ թէ բանտարկութիւնը «տնային կալանք»-ով փոխարինելու դիմում ներկայացուցած են։

    ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Նախարար Նարեկ Մկրտչեան եւ ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպանը մասնակցած են Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութեան նուիրուած երեկոյթին։

    Տիեզերք ղրկուած է «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքը։

    Վանաձորի դրամատիկական թատրոնը կը մասնակցի Թեհրանի «Ֆաճր» փառատօնին՝ ներկայացնելով ցեղաuպանութեան ենթարկուած ընտանիքի մը պատմութիւնը։

    ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - 2026-ին Թումոյի կեդրոն պիտի բացուի Ուրուկուայի մէջ։

    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՊՈԼԻՍ - Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչուեցաւ «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան առջեւ, հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ։

    ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ - Հայ անմեղ գերիները, հիւծուած՝ կը ներկայացուին Պաքուի զինուորական դատարան։ Ալիեւի յաջորդական խեղկատակութիւնը։

    ՓԱՐԻԶ - Հանդիպում-ասուլիս՝ «Ժամանակակից ֆրանսերէն գրականութեան 2700 գիրք` Հայաստանի աշակերտներուն» ծրագրին շուրջ։ Կնքահայրութեամբ՝ Սիլվէն Թեսոնի։

    ԱՄՆ – ՓԵՆՍԻԼՎԱՆԻԱ - Հայ դասական երաժշտութեան համերգ՝ Փիցպուրկի համալսարանին մէջ։

    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Պլինքըն. «Յառաջիկային սահմանային անվտանգութեան յատուկ խումբ մը պիտի այցելէ Հայաստան»։

    ԼԻԲԱՆԱՆ - Պէյրութահայութիւնը ցնցուած է. դաժանօրէն սպանուած է Վաչէ Արսլանեան։

    Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան 20 զինուորներու մահուան պատասխանատու նկատուած է։

    ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ - Հրդեհին հետեւանքով ամբողջութեամբ այրած «Սահակ Մեսրոպ» հայկական դպրոցի աշակերտները իրենց ուսումը կը շարունակեն ՀԲԸՄ-ի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ։

    ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Սուրբծննդեան պատարագ եւ Ջրօրհնէք Հոմսի Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ։

    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Հայաստան ու Միացեալ Նահանգներ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատող փաստաթուղթ մը։

    Օլիվիէ Տըքոթինյի. «Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին առանց նախապայմանի, ամբողջական եւ հաստատուն է»։

    ԵՐԵՒԱՆ - Սերժ Աւետիքեանի նախաձեռնութեամբ ծայր առած են երկլեզու դրամատիկական արուեստանոցի աշխատանքները։

    2024-ին Հայաստան այցելած է աւելի քան երկու միլիոն զբօսաշրջիկ։

    6 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Հայաստան` աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներու տասնեակին մէջ։

    Հայերը աշխարհի մէջ 8-րդ ամէնէն խելացի ազգն են։

    ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան պայմանաժամը կրնայ երկու տարի երկարաձգուիլ։

    Հարաւային Գալիֆորնիոյ հրդեհի վնասը կը գերազանցէ 60 միլիառ տոլարը։

    ԴԱՄԱՍԿՈՍ - Այցելութիւն Դամասկոսի նահանգապետ Մահեր Մրուանին։

    ՊՈԼԻՍ - Ընդունելութիւն՝ տիկնանց կազմերու։

    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԱՄՆ - Հարաւային Գալիֆորնիոյ կատաղի հրդեհին պատճառով տարհանուած են հազարաւոր հայ ընտանիքներ եւս, քանդուած են տուներ եւ համայնքային կառոյցներ։

    Փաշինեան. «Հայաստանի մէջ չէ եղած, չկայ եւ չի կրնար ըլլալ «Արեւմտեան Ազերպայճան», իսկ Արեւմտեան Հայաստանը Արաքս գետի մօտ կ՚աւարտի»։

    Ազերպայճանէն արձագանգած են Փաշինեանի առաջարկներուն։


    Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի նախագահ ընտրուեցաւ։

    5 min
  • «Նոր Յառաջ» 2025 Յունուար 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սուրբծննդեան առթիւ իր բարեմաղթանքները կը յղէ երկրի ուղղափառ քրիստոնեայ համայնքին…։

    Ազերպայճանի մէջ ապօրինի բանտարկուած Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի դատաքննութիւնը կը սկսի Յունուար 17-ին։

    Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք-կաթողիկոս պատարագ մատուցած է Պոլսոյ մէջ։

    ԱԼՖՈՐՎԻԼ - Պատարագ եւ Ջրօրհնէք՝ Ս. Պօղոս – Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ։


    Տըքոթինյի՝ հայկական Սուրբ ծնունդին առթիւ։

    5 min

About Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

From the publisher's feed

Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը