
Sign up to save your podcasts
Or


ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 1 միլիոն տոլար արժող յաւելեալ աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։
Սրբապղծուած է Արցախի Վանքասարի եկեղեցին ալ։ Ազերպայճանի մշակութային ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի։
Կարմիր խաչը տեսակցած է Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայերուն հետ։
Պապիկեան. «Հայաստան կ՚ընդլայնէ սպառազինութեան ձերքբերման գործընկերութեան ցանցը»։
ՖՐԱՆՍԱ - Գաննի հայկական մշակոյթի շաբաթը։
Նախագահական ընտրութեան ընդառաջ՝ ֆրանսական մամուլը կը դատապարտէ Ազերպայճանի բռնապետութիւնը։
ՄԱՐՍԻԼԻԱ - Կրթական մշակ Անի Յովսէփեանի ողբերգական մահը։
ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Զախոյի նորակառոյց եկեղեցւոյ խաչերուն օծումը կատարուած է։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ռազմական ակադեմիաներու ներկայացուցիչները քննարկած են համագործակցութեան առնչուող հարցեր։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Ալ. Սպենդիարեան օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի մեներգիչ Գէորգ Յակոբեանի ելոյթը՝ Պերլինի օփերայի բեմէն։
Սերգեյ Սմբատեան նշանակուած է Պերլինի սիմֆոնիկ նուագախումբի հրաւիրեալ խմբավար։
Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է Չեխիոյ ամրոցներուն եւ դղեակներուն նուիրուած ցուցահանդէսին։
«Ազնաւուր» հիմնադրամը՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն համար։
Ալիեւ. «Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւններու պարագային կարելի կ՚ըլլայ խաղաղութեան հասնիլ»։
«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» համաեւրոպական զօրաշարժ։
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ-ՌԵՆՍԻ - «Դպրոցասէր»-ի յարկին տակ՝ Մելինէ Մանուշեանի յուշատախտակին բացման հանդիսութիւնը։
Պաքու կը մերժէ յարձակումը բացառելու մասին Փաշինեանի առաջարկը եւ կը յորդորէ վերջ տալ Սահմանադրութեան մէջ իրեն դէմ «ոտնձգութիւններուն»։
Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախկին նախարարը Պաքուէն կը սպառնայ Հայաստանին։
ՓԱՐԻԶ - ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի բողոքի ցոյցը Մշակոյթի նախարարութեան առջեւ։
«Թիֆլիսի Ներսիսեան հոգեւոր դպրոց-200» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։
ՊՈԼԻՍ - Անծանօթներ Պոլսոյ իտալական մէկ եկեղեցին խուժած ու կրակ բացած են. կայ զոհ մը։
Հայաստանի բանակի կազմաւորման 32-րդ տարեդարձին առթիւ յարգանքի տուրք՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ։
Պաքուի մէջ Հայաստանի մարդասիրական քայլը ընկալուած է իբրեւ սպառնալիքի եւ մեղադրանքներու նոր առիթ մը։
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ - Ազերպայճանի պատուիրակութիւնը առնուազն մէկ տարի կը վտարուի ԵԽԽՎ-էն։
ՊՐԻՒՍԷԼ - Եւրոպական խորհրդարանի «Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային և հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութիւն» բնաբանով համաժողովը։
Հայ մեծանուն բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ Պարոյր Սեւակի 100-ամեակը՝ իր ծննդավայր Զանգակատուն գիւղին մէջ։
Ազերպայճանի վանդալական արարքները կը շարունակուին
Սրբապղծուած է Սպիտակ խաչ վանքը։
ԻՏԱԼԻԱ - «Մեր ժամանակներու մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Նախիջեւան. հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ոչնչացումը» խորագրեալ գիրքի շնորհահանդէսը։
Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Ֆրանսայի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին։
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ
Ազերպայճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւններու սահմանափակման հարցը՝ ԵԽԽՎ-ի օրակարգին։
Գիւմրիի մէջ պաշտօնապէս իր դռները բացած է ֆրանքեւհայկական հոգեբանական եւ ընկերային աջակցութեան կեդրոնը։
«իԳործ» 2024 ծրագրով սփիւռքահայ մասնագէտները կը հրաւիրուին աշխատելու Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ։
ՖՐԱՆՍԱ - Նախագահ Մաքրոն բանակին յղած ուղերձին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանին։
ՊՈԼԻՍ - Հրանդ Տինքի մահուան 17-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւնը։
ԻՏԱԼԻԱ - Էմանիւէլ Ճգնաւորեան՝ Միլանոյի սնմֆոնիք նուագախումբի նորանշանակ երաժշտական ղեկավարը։
ՓԱՐԻԶ - Վերապատուելի Սամուէլ Սահակեանին շնորհուած է «Բարեկամութեան շքանշան»-ը։
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - Իսի-լէ-Մուլինոյի մէջ հիմնուած է ՀՅԴ «Արտակ Իշխանեան» պատանեկան միութիւնը։
ՖՐԱՆՍԱ - Ծերակոյտը որդեգրեց Ազերպայճանի դէմ պատիժներ պահանջող բանաձեւը։
ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ - Կը թարմանայ Կոպէլեանի յիշատակը։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Համպուրկ - Պատանի ջութակահար Դաւիթ Բաբայեան միջազգային մրցոյթին արժանացած է 2-րդ մրցանակի։
ՇԱՒԻԼ - Հրանդ Նորշէն ներկայացուց իր նոր հատորը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը՝ Պաքուի Հայութեան ջարդերու մասին։
Եւրոպական Միութիւնը կը զգուշացնէ Ազերպայճանը, թէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ…։
ՖՐԱՆՍԱ - «Mezzo» հեռատեսիլի կայանը կը ցուցադրէ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի համերգները
ՍՈՒՐԻԱ – Հասեքէ - Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող մշակութային ձեռնարկ։
From the publisher's feed