
Sign up to save your podcasts
Or


ՓԱՐԻԶ - Թուայնացումը կը հասնի Սամուէլեան գրատան արխիւներու փրկութեան։
Ալիեւ կրկին քննադատած է Ֆրանսան, պնդելով թէ Փարիզ կը փորձէ «Հայերէն աւելի Հայ ըլլալ»։
Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսեյ Օվերչուքը։
Տիգրան Առաքելեանի «Զաքօ» կենդանապատկեր ֆիլմը հրաւիրուած է Անսիի միջազգային փառատօն։
Մեծանուն գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանի 95-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս՝ Գիւմրիի մէջ։
Հայ 32 ռազմագերիները վերադարձած են Հայաստան։
ՓԱՐԻԶ - «Շուշին` Կովկասի մարգարիտը» երկօրեայ գիտաժողովը՝ ԻՆԱԼՔՕ-ի պատմական շէնքին մէջ։
ՖՐԱՆՍԱ - Ծերակոյտը ներկայացուցած է Ազերպայճանի դատապարտումը եւ Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորումը պահանջող միջկուսակցական բանաձեւի առաջարկ մը։
Լեմքին հիմնարկը մտահոգ է Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասի խնդրով։
Նախագահ Մաքրոն գնահատած է Հայաստանի խիզախութիւնը։
ԵԽԽՎ-ի մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավարը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր։
«Առժամեայ հիւանդանոց, պաշտպանական սարքաւորումներ…» - Փեթեր Սթանօ պարզաբանած է, թէ ինչ կրնայ ենթադրել եւրոպական աջակցութիւնը Հայաստանին։
ՊԵԼՃԻՔԱ - Տիրայր վրդ. Յակոբեան նշանակուած է Անվերսի հոգեւոր հովիւ։
Ֆրանսա 15 միլիոն եւրօ եւս հրատապ մարդասիրական օգնութիւն կը յատկացնէ Հայաստանին եւ Արցախէն տեղահանուածներուն։
Թուրքերը եւ Ազերիները կը շարունակեն փայփայել Զանգեզուրի երազանքը։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը այցելած է պատնէշապատուած «Կովերու պարտէզ»։
2023 Յունուարէն Նոյեմբեր 2,2 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած է Հայաստան։
ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ - Ազերպայճան ազատ կ՚արձակէ 32 հայ ռազմագերիներ։
ՓԱՐԻԶ - «Մեծն Արեւելք»-ի կազմակերպած «Հայաստան՝ վտանգի տակ» խորագրեալ համաժողովը՝ բազմաթիւ ծանօթ դէմքերու մասնակցութեամբ։
ՖՐԱՆՍԱ - Հանգիստ՝ Տարօն եպիսկ. Ճէրէճեանի։
Գիւմրիի դարբնութեան աւանդութիւնը ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ։
Հայաստան կը մասնակցի «Եւրոտեսիլ 2024»-ին։
Ազերպայճանի զինեալներուն արձակած գնդակէն հայ փոխգնդապետ մը նահատակուած է։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Ժոֆրուա Տիտիէն։
ԻՏԱԼԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Հայագիտական միջազգային համաժողով եւ ցուցահանդէս՝ Ուտինէի համալսարանին մէջ։
ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Եպիսկոպոսական պատարագ Պասրայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
ՖՐԱՆՍԱ - Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի շնորհուած է հեղինակաւոր «Հանրի-Կալ» մրցանակը։
ՖՐԱՆՍԱ - Դեսպան Տոլմաջեանի հանդիպումը Պրի-սիւռ-Մառնի քաղաքապետ Ասլանկիւլի հետ։
ՄԱԿ-ի զեկուցող. «Ազերպայճան կը ծրագրէ ոչնչացնել Արցախի մէջ Հայերու ներկայութեան բոլոր հետքերը»։
«ՏաԹեւեր» ճոպանուղին ճանչցուած է աշխարհի լաւագոյնը։
Հայ դատի բարեկամներու տերեւաթափը կը շարունակուի։ Մահ՝ Միշէլը Ռիվազիի։
Ֆրանսայի գիւղական համայնքներու ղեկավարները այցելած են Իջեւանի թիւ 1 դպրոցը։
ԻՏԱԼԻԱ-ՀՌՈՄ - Համաժողով՝ «Հայ ժողովուրդի անվերջանալի ողբերգութիւնը» խորագրով։
Սիրանոյշ Սահակեան. «Սա պահուս, պաշտօնական տուեալներով Ազերպայճանի բանտերուն մէջ կը գտնուին 55 Հայեր, իսկ նուազագոյնը 80 գերիներու ճակատագիրը անորոշ է»։
ՖՐԱՆՍԱ - Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Սթրազպուրկի՝ Սուրբ Ծննդեան հանրածանօթ տօնավաճառին։
Հայկական արբանեակը տիեզերք կ՚արձակուի Դեկտեմբեր 1-ին։
ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Արամ Խաչատրեանի նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը՝ Թիֆլիսի մէջ։
Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՚ունենայ շարժանկարի միջազգային 24-րդ փառատօնը։
Հայաստանի դեսպանին ելոյթը՝ տասը հազար ֆրանսացի ընտրեալներու ներկայութեան։
«Քեզ համար, Հայաստան» 26–րդ թելեթոնի նախնական արդիւնքներու ամփոփումը։
Ֆրանսահայութիւնը կորսնցուց անկեղծ բարեկամ մը - Մահ՝ Ժերար Գոլոնի։
Մանկական Եւրոտեսիլ - Հայաստան գրաւեց 3-րդ տեղը։
Ալֆորվիլի Մշակոյթի տան գիրքերու ամէնամեայ 18-րդ տօնավաճառը։
From the publisher's feed