
Sign up to save your podcasts
Or


Ազնաւուրի եւ Փարաջանովի 100-ամեակները ընդգրկուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հռչակաւոր անձերու եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյցին մէջ։
Նիւ Եորքի՝ հանրային գրադարանի հետազօտական կեդրոնը՝ կոչուեցաւ Վարդան Գրիգորեանի անունով։
Գերմանիոյ կառավարութիւնը 84,6 միլիոն եւրօ օգնութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին։
Թուրքիա ընտրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի անդամ։
ԱՄՆ Հայաստանին կը տրամադրէ աւելի քան 4 միլիոն տոլար՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու նպատակով։
ՖՐԱՆՍԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդէ Կապանի եւ Սէն թ՚Էթիէնի կապերը։
Արտաւազդ Փելեշեանի «Դու ֆիլմեր արա ու լռիր» գիրքին շնորհահանդէսը։
ՉԵԽԻԱ - Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի շարականներէն փունջ մը ներկայացուած է Փրակայի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ։
ՆԻՍ - «Մանկական Եւրոտեսիլ 2023»-ին Հայաստանը կը ներկայացնէ Yan Girls խումբը։
Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի ֆոնեթոնին հանգանակուեցաւ շուրջ 2,3 միլիոն եւրօ։
Փարիզի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ պատուոյ քաղաքացիութիւն կը շնորհէ Արցախի ժողովուրդին։
ԱՄՆ-ու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրած է «Հայաստանի պաշտպանութեան քայլ»-ը։
ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանը Պաքուին կը հրահանգէ երաշխաւորել բնակիչներու ապահով վերադարձը Արցախ։
ԹՈՒՐՔԻԱ - Հրանդ Տինքը սպանած Օկիւն Սամասթ ազատ արձակուած է, բանտին մէջ «լաւ վարք» ունենալուն համար։
ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ - 2024 Ֆրանսա կը դատապարտէ ազերպայճանական ապատեղեկատուական արշաւը։
ԴԱՄԱՍԿՈՍ - Սուրիոյ նախագահը ընդունած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Ալեքսանդր Սպենդիարեանին եւ Լազար (Ղազարոս) Սարեանին նուիրուած համերգ՝ Քէօլնի մէջ։
Ֆրանսական «Պասթիոն» զրահակառքերը հասած են Հայաստան։
ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Հայաստանի դեսպանատան նոր շէնքին բացման պաշտօնական արարողութիւնը։
ՊՐԻՒՍԷԼ - «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ի կեդրոնին մէջ բացուած է Հայաստանի պատմութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսը, Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարարին ներկայութեան։
ՓԱՐԻԶ - Անն Հիտալկօ կոչ կ՚ուղղէ ազատ արձակելու Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ արտասանած է բացման աղօթքը։
Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն. «Անարգանք ու խայտառակութիւն. ԻՒՆԷՍՔՕ-ն Ազերպայճանը ընտրած է իր ընդհանուր համաժողովի փոխնախագահի պաշտօնին»։
ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ - Պղծուած է Իլինկի՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը։
ԻՏԱԼԻԱ - Նկարիչ Ժիրայր Օրագեանի մահուան 60-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը։
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷ - Operalia 2023 միջազգային մրցոյթին պարիթոն Նաւասարդ Յակոբեան արժանացած է երրորդ մրցանակին։
Փարիզի քաղաքապետին հանդիպումը Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Լարուած կացութիւն «Կովերու պարտէզ» կալուածին մէջ։
Զուիցերիա 1,5 միլիոն զուիցերական ֆրանք պիտի յատկացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն օժանդակող մարդասիրական կազմակերպութիւններուն։
ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ - Պայրամով. «Հայաստանի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, երբ Երեւան ընդունի Պաքուի պայմանները»։
Մայր Աթոռը որոշում կայացուցած է պահպանելու Արցախի թեմը։
ՖՐԱՆՍԱ - Հայաստանի դեսպանը Էքս-ան–Փրովանսի մէջ հանդիպում ունեցած է քաղաքապետին հետ եւ այցելած՝ Թորոսի ցուցահանդէսը։
ԻՏԱԼԻԱ - Իտալահայ գրող, կենսաբան Սերճիօ Ծերունեանի “Hayrig” գիրքի շնորհահանդէսը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան նշած է Լեւոն արք. Զէքիեանի 80-ամեակը։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը չեղեալ կը նկատէ «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագիրը։
Դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի ելոյթը՝ Նէօյի-սիւռ-Սէնի քաղաքապետարանին մէջ։
Չորս ամիս տեւած քննութենէ ետք Սերգէյ Սմբատեան անմեղ ճանչցուած է։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին նուիրուած համերգ՝ Շթութկարթի մէջ։
Ռուստամ Բադասեան. «Հայ-իրանական սահմանին նոր անցակէտ պիտի կառուցուի»։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարները քննարկած են Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը։
Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարին յայտարարութիւնը՝ Գառնիի եւ Նիմ քաղաքի տաճարներու եղբայրացման մասին։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Արդէն սկսած են աշխատանքները «Կովերու պարտէզ»-ին մէջ։
Փոխնախարար Վարդանեան. «Հայաստան պատրաստ է կազ գնելու Ազերպայճանէն՝ երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելէ ետք»։
From the publisher's feed