Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Download on the App Store

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս episodes

  • «Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 5-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Ստեփանակերտի Մայր տաճարին մէջ վերջին պատարագը մատուցուած է…

    Նախարար Գոլոնա Հայաստան իր այցին յայտարարեց, թէ Ֆրանսա ռազմական սարքեր պիտի մատակարարէ Հայաստանին։

    Փարիզի քաղաքային խորհուրդը որդեգրած է Արցախի հայերուն պատուոյ քաղաքացիութիւն շնորհելու վերաբերեալ բանաձև մը։

    Արցախէն վերջին մեկնողներէն եղած են նաեւ հոգեւորականները։

    Ազերպայճան կրակ բացած է Կութի հայկական դիրքերու անձնակազմին համար սնունդ փոխադրող կառքին ուղղութեամբ։

    8 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Հոկտեմբեր 3-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Արցախահայութեան զօրակցութեան համահայկական հանրահաւաքները

    Աւելի քան 10.000 ցուցարար Պրիւսէլի մէջ։

    Վհուկներու որսը կը շարունակուի։ Ազերպայճանի բռնապետին հրահանգով գերեվարուած ու բանտարկուած են Արցախի պաշտօնատարներ։

    Ֆրանսա-Ազերպայճան խորհրդարանական բարեկամական խումբը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։

    Երեւանի մէջ երթ՝ յաջակցութիւն Ռուբէն Վարդանեանի եւ Ազերպայճանի կողմէ գերեվարուած Արցախի այլ գործիչներու։

    Մայր Աթոռը իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան։

    ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ - Խաչքարի բացման արարողութիւն՝ Իլինկի մէջ։


    13 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Արցախէն Հայաստան հասնող տեղահանուածներու թիւը ժամ առ ժամ կը մեծնայ…

    Սեպտեմբեր 28, երեկոյեան ժամը 6-ի տուեալներով Արցախէն Հայաստան բռնագաղթածներուն թիւը հասած էր 74.000-ի։ Այս թիւը ժամ առ ժամ կը մեծնայ…։

    2024 Յունուար 1-էն սկսեալ Արցախի Հանրապետութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։

    Ազերպայճանի իշխանութիւնները ձերբակալած ու գերեվարած են Ռուբէն Վարդանեանը։

    CCAF. «Ռուբէն Վարդանեանի կամայական ձերբակալութիւնը պէտք է դատապարտուի»։

    ՓԱՐԻԶ - «Փրկել Արցախի ժողովուրդը»։


    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Ստեփանակերտի յարակից շրջանը գտնուող պենզինի պահեստին մէջ հրդեհ ծագած է. կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։

    Ասկերանի քաղաքապետ. «Զոհեր շատ ունենք․ մինչեւ վերջին մարդը դուրս չգայ, ես դուրս չեմ գայ»։

    Ցարդ Արցախէն Հայաստան մուտք գործած են 19.000 բռնի տեղահանուածներ։


    3 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 26-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Դաւիթ Բաբայեան. «Մեր ժողովուրդը չի ուզում ապրել Ադրբեջանի կազմում, 99,9%-ը նախընտրում է լքել մեր պատմական հողերը» ։


    Միրզոյեան պահանջեց ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ տեղակայել խաղաղապահներ։

    Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յետաձգած է Միւռոնօրհնէքը եւ Հոկտեմբեր 1-ը յայտարարած Արցախի համար համազգային աղօթքի օր։

    Ազերիները վերցուցած ու ոչնչացուցած են «Տանկ-յուշարձանը»։

    Սառնաղբիւրի 5 բնակիչ զոհուած է, 15-ը՝ վիրաւորուած, 4-ը՝ գերեվարուած Ազերպայճանի կողմէ։


    5 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Աշխարհէն մեկուսացուած, հիւծած Արցախը ի վերջոյ տեղի տուաւ։ Ստեփանակերտ կ՚ընդունի հրադադարի վերաբերեալ խաղաղապահներուն առաջարկը։


    Արցախի մէջ կայ առնուազն 200 զոհ եւ աւելի քան 400 վիրաւոր։

    Զոհուած զինուորներու ծնողները Սեպտեմբերի 20-ի գիշերը լուսցուցած են «Եռաբլուր»-ի մէջ։

    Ռուբէն Վարդանեան. »Շտապ պահանջում ենք ՄԱԿ-ի առաքելութիւն ուղարկել Արցախ»։


    ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ - Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան. «Ժամանակն է, որ Ազերպայճան պատիժներու ենթարկուի, դատապարտումը բաւարար չէ»։


    5 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Ազերպայճան ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկած է Արցախի դէմ։ Կան արդէն տասնեակներով զոհեր ու վիրաւորներ։

    Ֆրանսա կը դատապարտէ ազերպայճանական յարձակումը եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ կը պահանջէ։

    Պաքու Երեւանէն պահանջեր էր չընդլայնել ռազմական ներուժը, լուծարել Արցախի պետական կառոյցները։

    UNESCO-ն ընկերային ցանցերու իր էջերէն ջնջած է «Քոչարի»-ի՝ ազերպայճшնական պատկանելիութեան մասին հրապարակումը։


    5 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 19-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԵՐԵՒԱՆ - Համազգայինի 95-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը։

    ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - «Կովերու պարտէզ»-ի գայթակղութիւնը։

    Ֆրանսայի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը ԵՄ-ի դէտերուն հետ այցելած է հայ–ազերպայճանական սահմանային գօտի։

    Իրանի խորհրդարանի երեսփոխանը նախազգուշացուցած է Իլհամ Ալիեւը. «Որեւէ ռազմական գործողութեան՝ տասնապատիկ աւելիով կը հակազդենք»։

    Սուրէն Պապիկեան եւ ԱՄՆ-ու բարձրաստիճան զօրավարները հետեւած են հայ-ամերիկեան ռազմափորձերուն։


    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԵՐԵՒԱՆ - Համազգայինի 95-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը։

    ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - «Կովերու պարտէզ»-ի գայթակղութիւնը։

    Ֆրանսայի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը ԵՄ-ի դէտերուն հետ այցելած է հայ–ազերպայճանական սահմանային գօտի։

    Իրանի խորհրդարանի երեսփոխանը նախազգուշացուցած է Իլհամ Ալիեւը. «Որեւէ ռազմական գործողութեան՝ տասնապատիկ աւելիով կը հակազդենք»։

    Սուրէն Պապիկեան եւ ԱՄՆ-ու բարձրաստիճան զօրավարները հետեւած են հայ-ամերիկեան ռազմափորձերուն։


    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Սեպտեմբեր 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս այցելած է Բերձորի միջանցքին սկզբնամասը. «Սա մերօրեայ ողբերգութիւն է»։

    Ֆրանսացի երեսփոխան Ժան-Լուի Պուռլանժի  գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր։

    Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունած է Ֆրանսայի դեսպանը։

    Փաշինեան. «Հայաստան Հռոմի համաձայնագիրը պիտի վաւերացնէ ամբողջութեամբ»։

    Իտալիոյ նախկին վարչապետ Ռոմանօ Փրոտիին շնորհուած է Երեւանի Պետական համալսարանի պատուոյ դոկտորի կոչում։


    8 min

About Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

From the publisher's feed

Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը