Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Download on the App Store

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս episodes

  • «Նոր Յառաջ» 2023 Օգոստոս 12-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԱՒՍՏՐԻԱ - ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի գրասենեակին դիմաց խաղաղ պահանջատիրական ցոյց՝ յաջակցութիւն Արցախի։

    Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը՝ Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին փակումը ռազմական յանցագործութիւն համարած է։

    ՄԱԿ-ի ժողովին քննարկուած է նաեւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։

    Ֆրանսա կոչ կ՚ընէ Բերձորի միջանցքով վերականգնելու ազատ տեղաշարժը։


    8 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Օգոստոս 5-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    «Ազերպայճանի բռնապետ Ալիեւ կ՚օգտուի անտարբերութենէն՝ սեղմելով իր մահաբեր օղակը հայկական Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ»։ Ֆրանսացի ընտրեալներու նոր կոչը։

    Դաշնակցական երիտասարդուհիին Հայաստան մուտքը արգիլուած է։

    Երեւանի մէջ բացուած է Հայրենադարձութեան եւ համարկումի առաջին կեդրոնը։

    Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կոչ կ՚ուղղէ Ազերպայճանին անմիջապէս վերաբանալու Բերձորի միջանցքը։


    8 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՖՐԱՆՍԱ - Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնը։

    «Սնունդ կեանքի համար». 19 բեռնատարներ 400 թոն մարդասիրական օգնութիւնը Արցախ փոխադրելու համար Երեւանէն ճամբայ ելած են դէպի Կոռնիձոր։

    Իրանի «Azad» համալսարանին մէջ Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժին բացուած է. Թուրքիա դժգոհ է։


    5 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը. Հացի երկար շարքեր, երթեւեկութեան միջոցները չեն բանիր, աղիքային վարակի խնդիր կայ…։

    Արցախի Պետական նախարար. «Կարմիր Խաչը կրցած է համոզել Ազերպայճանցիները, որ անցակէտին բժշկական քննութիւնը գոնէ տեսախցիկներու առջեւ չկատարուի»։

    Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախի բնակչութեան վերաբնակեցման հարցը չէ քննարկած։

    Ալիեւ. «Ազերպայճանէն պիտի անցնի ոչ միայն Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երթուղին, այլեւ Զանգեզուրի միջանցքը, ուր 70 տոկոս աւարտած են շինարարական աշխատանքները»։


    6 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Պաշարուած Արցախ. մանկական հիւանդանոցը՝ ճգնաժամի շեմին։

    Փաշինեան. «Ազերպայճանի հետ նոր պատերազմը շատ հաւանական է, քանի տակաւին չէ ստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը»։


    Արցախցի լրագրողներուն կոչը՝  իրենց միջազգային գործընկերներուն՝ «Ներկայացուցէ՛ք՝ ձեզ Շուշի հրաւիրողներուն ու կերակրողներուն իրական դէմքը. դժոխքի կողքին կեղծ դրախտի մասին հաղորդելը ո՛չ մարդկային է, ո՛չ մասնագիտական, ո՛չ օրինական»։

    ԵՐԵՒԱՆ - Քաղաքացիները ՄԱԿ-էն կը պահանջեն իրենց հաւաքած օգնութիւնը փոխադրել Արցախ։


    8 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 22-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՖՐԱՆՍԱ - Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբերը կը պահանջեն Սիւնիքի մարզին մէջ բանալ Ֆրանսայի հիւպատոսական ներկայացուցչութիւն։

    ՊՐԻՒՍԷԼ  - ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Շառլ Միշէլի յայտարարութիւնը։

    Գանատա կը միանայ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան։


    7 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԱՐՑԱԽ - Արայիկ Յարութիւնեան կը միանայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ծայր առած շարժումին եւ նստացոյց կը սկսի։

    ԵՐԵՒԱՆ - Արցախցի փոքրիկները ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտ հնչեցուցած են Արցախի փառերգը։

    ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Բիւրականի մէջ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումին բացումը կը կատարուի։

    ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Լոնտոնի Հայկական ամառնային 13-րդ փառատօնը։


    7 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Հարիւրաւոր եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւններու կոչը եւրոպացի ղեկավարներուն։ Անոնք կը պահանջեն պատիժներ կիրարկել Ազերպայճանի նկատմամբ, ապահովել Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը։

    Մոսկուա կոչ ըրած է Պաքուին անմիջապէս բանալու Բերձորի միջանցքը։

    Փարիզ կը մեղադրէ Թուրքիան, Իրանն ու Ազերպայճանը՝ Ֆրանսայի խռովութիւնները շահագործելու մեղքով։

    Այաթոլլահ Խամենէիի աւագ խորհրդական Վելայաթի. «Նախիջևանը Ազերպայճանին կապելու նպատակը՝ Հայաստանը երկուքի բաժնելն է»։


    6 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Մահ՝ աշխարհահռչակ գիտնական փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի։

    Ազերպայճան ամբողջութեամբ արգիլած է Բերձորի միջանցքով առանց այդ ալ սահմանափակ երթեւեկը։

    Պայրամով լիրբ պատասխան մը տուած է Զախարովայի կոչին։

    ԵՐՈՒՍԱՂԵՄ - «Կովերու պարտէզ»-ի թղթածրարին հետքերով։


    6 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Յուլիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Օլիվիէ Տըքոթինյի Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպան նշանակուած է։

    Արցախի մէջ կ՚արգիլուի փողոցի առեւտուրը։

    ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ - Թիւմեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ օծման եւ հայ-ռուսական բարեկամութեան պարտէզին ու մարշալ Բաղրամեանի կիսանդիի բացման արարողութիւնները։

    Անի Բադալեան. «Լա Հէյի Արդարադատութեան ատեանի որոշումը յստակ է եւ պէտք է ամբողջութեամբ գործադրուի Ազերպայճանի կողմէ»։

    ԿԵՍԱՐԻԱ - Փլուզման եզրին գտնուող հայկական եկեղեցին անտեսուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։

    Իրաքի մէջ առեւանգած են ծանօթ լրագրող Էլիզապէթ Ցուրքովը։

    11 min

About Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

From the publisher's feed

Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը