
Sign up to save your podcasts
Or


ՖՐԱՆՍԱ - Միսաք Մանուշեանի աճիւնը պիտի ամփոփուի Պանթէոնի մէջ։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - «Կովերու պարտէզ»-ի հարցը։
ՓԱՐԻԶ - «Մայրիկ» խորագրեալ բարձրարուեստ համերգը։
ՖՐԱՆՍԱ - Օլիվիէ Ժիրուի մարզաշապիկին աճուրդով վաճառքէն գոյացած գումարը կը տրամադրուի Արցախին։
ՓԱՐԻԶ - Հայկական 10 սթարթափեր կը մասնակցին «VivaTech-2023»-ին։
ՖՐԱՆՍԱ - Մահ՝ տոքթ. Սերժ Սիմոնեանի։
Եւրոպական խորհրդարանի նիստին՝ երբ երեսփոխան Պելամի կոչ ըրած է պատիժներ սահմանելու Ազերպայճանի դէմ՝ Պորէլ հանած է ականջակալներն ու լռած…։
Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ կ՚ուղղէ չայցելելու Հայաստանի սահմանամերձ որոշ շրջաններ, Սիւնիքի մարզ եւ Արցախ։
Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան ամավերջի բացառիկ հանդէսը։
«Ոսկէ ծիրան»-ի բացումը կը կատարուի Ճեսիքա Վուտվորթի «Լուքա» ժապաւէնով։
Արցախցի երախաներու կոչը՝ աշխարհին - «Ես հայ մնալու իրաւունք ունեմ» ‘
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ - «Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու չէ ուժային լծակներ կիրարկելով՝ որեւէ բան պարտադրելու Ազերպայճանին»’
Ալէն Սիմոնեան. «Սխալ եմ համարում Նեմեսիսի արձանի տեղադրումը, արտադատարանական կարգով հարց լուծելը չպէտք է խրախուսուի»’
«Փրկութիւն» ժապաւէնը արժանացած է ամերիկեան UMFF փառատօնի գլխաւոր մրցանակին։
ՑԱՒԱԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԷՋ…։
Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունած է բանաձեւ մը՝ Արցախին մարդասիրական հրատապ օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ։
ՖՐԱՆՍԱ - Դիւանագէտներու «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան» հունձք։
Լիւքսեմպուրկի համայնքային խորհուրդի ընտրութիւններուն առաջին անգամ կը մասնակցի հայ թեկնածու մը։
Ականաւոր երաժիշտ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին առիթով ձեռնարկներ՝ Փարիզի եւ Սթրազպուրկի մէջ։
ՖՐԱՆՍԱ - Առաջին անգամ ըլլալով՝ հայ կին մը կ՚արժանանայ Cartier մրցանակին։
ԳԱՆԱՏԱ - Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը վարչապետ Թրիւտոյի հետ քննարկած են Արցախի շրջափակման հարցը։
Աշխատանքային հանդիպում Երեւանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ։
Հայաստան կը մասնակցի Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ-ի երկիրներու սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի նիստին։
ՓԱՐԻԶ - Արցախի զօրակցութեան հանրահաւաք։
Դաւիթ Բաբայեան՝ Արարատ Միրզոյեանին. «Ձեզ լիազօրութիւն տուե՞լ են, որ Արցախը ճանաչէք Ազերպայճանի կազմում»։
Ազերպայճանի Մարդկային իրաւանց յանձնակատարը տեսակցած է բանտարկուած Յարութիւն Յովակիմեանի եւ Կարէն Ղազարեանի հետ։
Ազերպայճանի իշխանութիւնները Նախիջեւանը կը նախապատրաստեն «Զանգեզուրի միջանցքի բացումին»։
Էլիզէի մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդի հաղորդագրութիւնը։
Թուրքիոյ մէջ Ազերպայճանի դեսպանը յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքը շուտով կը բացուի»։
Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Մոլտովայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Արցախ, 21-րդ դար... - Արդէն 6 ամիս է, որ 30 հազար երախայ կ՚ապրի իր իրաւունքներէն զրկուած, մնայուն վտանգի եւ պատերազմական սպառնալիքներու ներքոյ։
«Նոր Յառաջ» կը մասնակցի Երեւանի մանկական գիրքերու փառատօնին։
Արցախ - Շրջափակման հետեւանքով անասնաբուծութեան բնագաւառին մէջ խնդիրներ յառաջացած են։
Արամ Ա. կաթողիկոս Նուրհան պատրիարքի հետ քննարկած է «Կովերու պարտէզ»-ի շուրջ ծագած խնդիրը։
ՓԱՐԻԶ - Առնօ Բաբաջանեանին նուիրուած համերգ՝ «Cortot» սրահին մէջ։
Ալիեւի համաձայն՝ Արցախահայութեան համար մնացած է մէկ ճամբայ՝ «Ազերպայճանի օրէնքներուն ենթարկուիլ, պետական ստորոգելիները աղբանոց նետել եւ խորհրդարանը լուծարել»։
Րաֆֆի Յովհաննէսեանին արգիլած են բարձրանալ Սարդարապատ, ան հետը ծաղիկները խոնարհած է կպրապատ ճամբուն վրայ։
Արցախ մեկնելու կարելիութենէ զրկուած Արցախցիները տակաւին կը բնակին Գորիսի պանդոկներու մէջ։
ՍՊԱՆԻԱ - Քառալեզու բառարանի շնորհահանդէս՝ Վալանսի մէջ։
Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն` ԻՒՆԷՍՔՕ–ի Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ։
Երեւանի թիւ 180 դպրոցը այսուհետեւ պիտի կրէ նշանաւոր արձակագիր, հրապարակախօս Զապէլ Եսայեանի անունը։
ՌՈՒՄԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - «Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ» խորագրով համերգ եւ ցուցահանդէս։
ԼԵՀԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Լուճը «Վերածնունդ»-ով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը։
From the publisher's feed