Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Download on the App Store

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս episodes

  • «Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Փաշինեան. «Հայաստանը պատրաստ է ճանաչել Ադրբեջանի 86.600 քառ. կմ. տարածքային ամբողջականութիւնը, որը ներառում է ԼՂ-ն»։

    Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը։

    ՖՐԱՆՍԱ – ՏՈՐՏՈՆՅԸ – ՍԷՆ-ՇԱՄԱՍԻ - Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի կիսանդրիին պաշտօնական բացումը։

    ՀՌՈՄ - Չարենցի գործերը թարգմանուած են իտալերէն։

    ԻՐԱՆ–ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Հայրենի արուեստագէտներուն ցուցահանդէսը Թաւրիզի համալսարանին մէջ։


    11 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Փաշինեան Եկեղեցւոյ կը թելադրէ կուսակցութիւն ստեղծել. Մայր Աթոռը կը հակազդէ։

    Նահատակ զինուորի մը մօր բանտարկութիւնը խոր վրդովում յառաջացուած է. նախկին նախագահ Լ. Տէր-Պետրոսեանի հակազդեցութիւնը։

    «Յանուն Արցախի, ընդդէմ Ազերպայճանի» բնաբանով  հանրահաւաք Կոռնիձորի մէջ։

    Հայկական տաղաւար եւ ժապաւէններու ցուցադրութիւն՝ Գաննի փառատօնին։


    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    «Ազերպայճան խախտեց միջազգային իրաւունքը՝ կրակելով շտապօգնութեան կառքին վրայ»։

    Ստեփանակերտի մէջ ծնունդ առած է «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժումը։

    Դաւիթ Բաբայեան՝ Պրիւսէլի յայտարարութեան մասին. «Գարշելի եւ յանցաւոր յայտարարութիւն էր. ժողովուրդը չպէտք է ոչխար դառնայ, դրա վերջը խորովածն է»։

    «Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը շարունակում է անտեսել Արցախի ժողովրդի իրաւունքները»։


    6 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՓԱՇԻՆԵԱՆ-Միշէլ-Ալիեւ Պրիւսէլեան հանդիպումները. Հայաստան ճանչցած է Ազերպայճանի 86.600 քառակուսի քմ.  հողային ամբողջականութիւնը,  որու մէջ կը մտնէ նաեւ Արցախը։

    Freedom house. «Ղարաբաղի բնակիչները բռնատիրական շրջափակման մէջ են, մինչ աշխարհ կեդրոնացած է Ուքրաինայի վրայ»։

    ՖՐԱՆՍԱ-ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ - Մոնթըրոյի քաղաքապետ Ճեյմս Շերոնի հաճոյութիւնը հանդէպ Ազերպայճանի։


    7 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ՖՐԱՆՍԱ - Անն-Լոռանս Փեթելի թուիթը Արցախի շրջափակման 150-րդ օրուան կապակցութեամբ։

    Պիւիսոնի թուիթը Ազերպայճանի՝ ուժանիւթային ահաբեկչութեան մասին։

    Գեղամ Ստեփանեանի ահազանգը՝ Ազերպայճան Կարմիր Խաչին կ՚արգիլէ Արցախէն հիւանդներ փոխադրել Հայաստան։

    Յունուար-Ապրիլին Հայաստան այցելած է 630 հազար զբօսաշրջիկ։


    6 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Տասնեակ հազարաւոր Արցախցիներու մասնակցութեամբ հանրահաւաք՝ Ստեփանակերտի մէջ։

    ԵՐԵՒԱՆ - Հաշմանդամներու վերականգնողական «Փիւնիկ» կեդրոնի բացումը։

    Ստեփանակերտ–Շուշի ճամբուն վրայ՝ «Չե՛նք ընդունելու, չե՛նք յարմարուելու» կարգախօսով ցոյցը կը շարունակուի։

    Ֆրունզէ Դովլաթեանի «Բարեւ, ես եմ» ֆիլմը կը ցուցադրուի Գաննի փառատօնին։

    Արմէն Գրիգորեան. «“Նեմեսիս”-ի յուշարձանի տեղադրումը Հայաստանի ներքին հարցն է»։


    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Ալֆորվիլի «Սուրբ Մեսրոպ – Արապեան» վարժարանի աշակերտներու այցը Հայաստան։

    Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի նախագահ Զաւիէ Պերթրան կը զօրակցի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։

    ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ - Իսի-լէ-Մուլինօ, Ալֆորվիլ։

    ԻՏԱԼԻԱ - Երախտագիտութեան շքանշան յանձնուած է իտալացի լրագրող Ֆարինային՝ Արցախեան պատերազմը լուսաբանելուն համար։


    9 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Թուրքիա անակնկալօրէն արգիլած է իր օդային տարածքով հայկական Flyone Armenia ընկերութեան դէպի Եւրոպա թռիչքները։

    Սուտան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան եօթը քաղաքացիներ փոխադրուած են Եգիպտոս։

    Հայաստան թեր քուէարկած է ՄԱԿ-ի բանաձեւին, որու նախաբանին մէջ Ռուսաստան՝ Ուքրաինայի եւ Վրաստանի դէմ իբրեւ «նախայարձակ» կը յիշատակուի։

    ՖՐԱՆՍԱ - Ազերպայճան դատի տուած է «Շարժում» երիտասարդական կազմակերպութիւնը։


    7 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Մայիս 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    Թուրքիա անակնկալօրէն արգիլած է իր օդային տարածքով հայկական Flyone Armenia ընկերութեան դէպի Եւրոպա թռիչքները։

    Սուտան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան եօթը քաղաքացիներ փոխադրուած են Եգիպտոս։

    Հայաստան թեր քուէարկած է ՄԱԿ-ի բանաձեւին, որու նախաբանին մէջ Ռուսաստան՝ Ուքրաինայի եւ Վրաստանի դէմ իբրեւ «նախայարձակ» կը յիշատակուի։

    ՖՐԱՆՍԱ - Ազերպայճան դատի տուած է «Շարժում» երիտասարդական կազմակերպութիւնը։


    7 min
  • «Նոր Յառաջ» 2023 Ապրիլ 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը

    ԹՈՒՐՔԻԱ - Կարօ Փայլան. «108 տարի ետք տակաւին Ցեղասպանութեան պարագլուխ Թալաաթ փաշայի անունով փողոցներէ կը քալենք»։

    ԹՈՒՐՔԻԱ - Տիգրանակերտի մէջ ոգեկոչած են Դանիէլ Վարուժանի յիշատակը։

    ԻՏԱԼԻԱ – ՀՌՈՄ - Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչում։

    Պորէլ. «Բերձորի միջանցքին միակողմանի անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ լարումը թուլցնելու ԵՄ-ի կոչերուն»։


    10 min

About Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

From the publisher's feed

Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը