Sign up to save your podcastsEmail addressPasswordRegisterOrContinue with GoogleAlready have an account? Log in here.
FAQs about RADIO AYK:How many episodes does RADIO AYK have?The podcast currently has 456 episodes available.
September 18, 2022«Նոր Յառաջ»-1775-ի ձայնագրեալ լրահոսը 06 Սեպտեմբեր 2022ՖՐԱՆՍԱ–ՕՎԵՐՆԵԸ–ՌՈՆ ԱԼՓԻ ՇՐՋԱՆԱրցախի սենեկային նուագախումբի հրաշալի ելոյթը Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի անկախութեան 31-րդ տարեդրաձին առիթով, Օվերնեը–Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդին կողմէ հրաւիրուած Արցախի սենեկային նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Լիոնէն ոչ հեռու, «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնին մօտ գտնուող կանաչապատ վայրին մէջ, բազմահարիւր երաժշտասէրներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Շրջանային խորհուրդի նախագահ եւ հանդիսութեան նախաձեռնող Լօռան Վոքիէ, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Արցախի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան, Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Անահիտ Յակոբեան, Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխաններ, քաղաքապետեր, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ԹՈՒՐՔԻԱ1600 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին ոչնչացման եզրին է Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայան այս օրերուն Վանի նահանգին մէջ ծանօթացած է հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ պատմական ու կրօնական այլ յուշարձաններու վիճակին:...more7minPlay
September 18, 2022«Նոր Յառաջ»-1774-ի ձայնագրեալ լրահոսը 03 Սեպտեմբեր 2022ՍՈՒՐԻԱԿարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի կիսանդրիի բացում Քեսապի մէջ Օգոստոս 28-ին, Քեսապի կաթողիկէ Հայոց Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի յիշատակը յաւերժացնող կիսանդրիին բացումը` Քեսապի շրջանին Սուրիոյ վերամիաւորման համար երջանկայիշատակ կարդինալին կատարած մեծ միջնորդութեան 83-ամեակին: Այս առիթով պատարագ մատուցած է Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեան:Գերապայծառ Ասատուրեան այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ նշած է, որ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. կաթողիկոս-պատրիարքը մեծ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Քեսապը եւ անոր շրջակայ գիւղերը սուրիական գերիշխանութեան վերադարձնելու իմաստով` Սուրիայէն բռնախլուելէ եւ 1939-ին Թուրքիոյ միացուելէ ետք: Կարդինալ Աղաճանեան նաեւ պաշտպանած է սուրիական իրաւունքները Ալեքսանտրէթի նահանգին հարցով: Այսքանով չբաւարարուելով՝ ան նաեւ պաշտպանած է ընդհանրապէս պաղեստինեան եւ արաբական դատերը:Գիտաժողով – Արաբական ծոցի երկիրներու ՀայերըՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԳիտաժողովԱրաբական ծոցի երկիրներու Հայերը(Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եմէն, Պահրէյն, Սաուտ. Արաբիա, Քաթար, Քուէյթ, Օման)Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը Երկուշաբթի, 12 եւ Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2022-ին պիտի կայացնէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր եօթներորդ եւ վերջին գիտաժողովը:Գիտաժողովը պիտի կայանայ անձամբ ներկայութեամբ եւ/կամ հեռահաղորդակցութեամբ:...more5minPlay
September 18, 2022«Նոր Յառաջ»-1773-ի ձայնագրեալ լրահոսը 01 Սեպտեմբեր 2022Թուրքերը կը պատրաստուին հայկական եկեղեցին արուեստի կեդրոնի վերածելու Ըստ «Էրմէնի Հապեր»-ի՝ Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Մենեմէն քաղաքը գտնուող կիսաքանդ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին պիտի վերանորոգուի։Այս հարցին անդրադարձած է Մենեէնի քաղաքապետի պաշտօնակատար Այտըն Փեհլիվան, նշելով որ եկեղեցին պիտի վերանորոգուի եւ պիտի օգտագործուի որպէս «Մշակոյթի ու գիտութեան կեդրոն»:Փեհլիվանի համաձայն՝ եկեղեցին մինչեւ 1922 օգտագործուած է Հայերու կողմէ: Հետագային սրբատեղին անուշադրութեան մատնուած է եւ տարիներու ընթացքին կորսնցուցած՝ իր նախկին տեսքը:“Վերականգնողական աշխատանքներու աւարտին կը նախատեսենք կառոյցը մեր ժողովուրդին ծառայութեան յանձնել՝ որպէս արուեստի ու գիտութեան կեդրոն”,– ըսած է քաղաքապետի պաշտօնակատարը: Նշենք, թէ Մենեմeնի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին լքուելէն ետք, Թուրքերու կողմէ որոշ ժամանակով օգտագործուած է իբրեւ զինուորական պահեստ, ապա՝ ախոռ։...more5minPlay
September 18, 2022«Նոր Յառաջ»-1772-ի ձայնագրեալ լրահոսը 30 Օգոստոս 202215-ամեայ դաշնակահարուհի Լիւսի Իշխանեան՝ միջազգային մրցոյթի դափնեկիր Երեւանի Չայքովսքի երաժշտական դպրոցի աշակերտուհի Լիւսի Իշխանեան «Music and Stars Awards» միջազգային մրցոյթին ոսկէ մետալի արժանացած է։ Նշենք, որ այս մրցոյթին կը մասնակցէին տաղանդաւոր երիտասարդներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն:Լիւսի Իշխանեան 4 տարեկանէն սկսած է երաժշտութիւն սորվիլ. ան այժմ 15 տարեկան է։ Շնորհալի Հայուհին վերջերս London International Music Competition մրցոյթին ալ շահած է երկրորդ մրցանակը։...more11minPlay
August 27, 2022«Նոր Յառաջ»-1771-ի ձայնագրեալ լրահոսը 27 Օգոստոս 2022 Բերձորի մէջ կը զետեղուի հայերը «վախցնող» յուշարձան: «Ամերիկացի բարի սամարացիները» ֆիլմը՝ միջազգային փառատօնի մրցանակակիր...more6minPlay
August 22, 2022«Նոր Յառաջ»-1770-ի ձայնագրեալ լրահոսը 20 Օգոստոս 2022ԱՆՀԵԹԵԹՈՒԹԻՒՆԱթաթիւրքի նկարով դպրոցական պայուսակներ՝ Երեւանի խանութներուն մէջ Անհաւատալի, բայց՝ իրա՛ւ......more6minPlay
August 22, 2022«Նոր Յառաջ»-1769-ի ձայնագրեալ լրահոսը 13 Օգոստոս 2022 Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը՝ Ողիմպիականի արծաթէ մետալակիր: Համացանցի վրայ կը գործէ «Կիւլպէնկեան»-ի Հայերէն-Անգլերէն կայքէջը Արեւմտահայերէն լեզուի եւ մշակոյթի կենսունակութիւնը կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի գործունէութեան կորիզը։ Մեր կայքէջը պարտի արտացոլել այս մօտեցումը, ներկայացնելով հայերէնը որպէս ստեղծագործութեան, արհեստավարժ գործունէութեան եւ հաղորդակցութեան լեզու։https://gulbenkian.pt/armenian-communities/hy/ ՖՐԱՆՍԱ Իննա Մխիթարեանի «Թոնրատուն» ֆիլմը կը ցուցադրուի Լիւսասի փառատօնին Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնին կողմէ պետական նիւթական աջակցութիւն ստացած շարժագրող Իննա Մխիթարեանի 84 վայրկեաննոց «Թոնրատուն» ֆիլմը կը ցուցադրուի Արտէշ նահանգի «Les États généraux du film documentaire de Lussas» լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին, Օգոստոս 22-ին եւ 27-ին։...more7minPlay
August 22, 2022«Նոր Յառաջ»-1768-ի ձայնագրեալ լրահոսը 06 Օգոստոս 2022ԳԵՐՄԱՆԻԱ«Հովեր» երգչախումբի հրաշալի համերգը՝ Միւնիխի մէջ Երեւանի սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Հովեր» երգչախումբըՅուլիս 29-ին, հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան, Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ ունեցած է հրաշալի ելոյթ մը, նուիրուած՝ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին: Համերգի կազմակերպման աջակցած է EUROPAMUSICALE (European Cultural Foundation) եւրոպական մշակութային հիմնադրամը։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան, Դիմագիրքի իր էջով։...more5minPlay
July 29, 2022«Նոր Յառաջ»-1767-ի ձայնագրեալ լրահոսը 30 Յուլիս 2022«Նոր Յառաջ»-1767-ի ձայնագրեալ լրահոսը 30 Յուլիս 2022...more5minPlay
July 27, 2022«Նոր Յառաջ»-1766-ի ձայնագրեալ լրահոսը 28 Յուլիս 2022 CNN աշխարհի լաւագոյն արշաւային ուղղութիւններուն մէջ ներառած է Հայաստանը ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Կարծախի մէջ նշուած է Աշուղ Ջիւանիի օրը ՊՈԼԻՍ Աշխատանոց արեւմտահայերէն խօսակցութեան https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/27310/ashkhadanvots-arevmdahahyeren-khosagtsutyean-hamar...more13minPlay
FAQs about RADIO AYK:How many episodes does RADIO AYK have?The podcast currently has 456 episodes available.