Sign up to save your podcastsEmail addressPasswordRegisterOrContinue with GoogleAlready have an account? Log in here.
FAQs about RADIO AYK:How many episodes does RADIO AYK have?The podcast currently has 456 episodes available.
September 30, 2022«Նոր Յառաջ»-1785-ի ձայնագրեալ լրահոսը 29 Սեպտեմբեր 2022 ԱՄՆ-ու իշխանութիւնները կը քննարկեն Հայաստանին զէնք վաճառելու հարցը 1991-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ ԱՄՆ-ու իշխանութիւնները, Գոնկրէսի մէջ երկկուսակցական համախոհութեան ներքոյ կը քննարկեն Հայաստանին զէնք վաճառելու հարցը, որպէսզի հայկական պետութիւնը կարենայ պաշտպանուիլ Ազերպայճանի յարձակումէն եւ ցեղային զտումէ: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը։ ԵՐԵՒԱՆ Գիտաժողով՝ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» նիւթին շուրջ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի, Երեւանի Խ. Աբովեան պետական մանկավարժական համալսարանի եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի համագործակցութեամբ, Սեպտեմբեր 23-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է համահայկական գիտաժողով՝ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» նիւթին շուրջ։...more7minPlay
September 30, 2022«Նոր Յառաջ»-1784-ի ձայնագրեալ լրահոսը 27 Սեպտեմբեր 2022 Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունած է Ռընօ Միւզըլիէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ԻՏԱԼԻԱ Հայ ձեւագէտները առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս մասնակցած են Միլանոյի նորաձեւութեան շաբթուան Անոնք ուշադրութիւն գրաւած են նաեւ ազերպայճանական յարձակումը դատապարտող իրենց արարքով Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարը իր յոյն պաշտօնակցին ուղղուած խօսքին մէջ.- “Այնպէս կը թուի թէ՝ լողալ գիտնալը իրենց շատ պիտի ծառայէ”...more7minPlay
September 23, 2022«Նոր Յառաջ»-1783-ի ձայնագրեալ լրահոսը 24 Սեպտեմբեր 2022ՖՐԱՆՍԱ Հայաստանի դրօշը ծածանած է Փարիզի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ:ՖՐԱՆՍԱ Հայաստանին ու Արցախին զօրակցութեան երեկոյթ Ծերակոյտին մէջ Հայաստանին ու Արցախին իր զօրակցութիւնը ամէն առիթով արտայայտող Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20-ի երեկոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի տեղեկատուական խումբի նախագահ, ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթեյոյի եւ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի հրաւիրած շուրջ հարիւր առանձնաշնորհեալներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Տիգրան Եկաւեանի եւ Էրիք Տենեսէի համահեղինակութեամբ նոր լոյս տեսած «Սեւ մատեան»-ի ներկայացումը, որ Արցախի նուիրուած հատոր մըն է։...more4minPlay
September 21, 2022«Նոր Յառաջ»-1782-ի ձայնագրեալ լրահոսը 22 Սեպտեմբեր 2022 ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ Փելոզի շարժեց հայութեան զգացական ջիղը ....ԱՄՆ-ու հետ գործակցիլը միշտ ալ եղած է արկածախնդրութիւն մը՝ 1918-ին Ուիլսընի խոստումները վկայ։ Նախագահ Պայտըն դեռ երկու տարի իշխանութեան գլուխը պիտի մնայ. իսկ եթէ ԱՄՆ-ու ընտրութիւնները դարձեալ իշխանութեան բերեն նախկին խենթը, իրավիճակը կրկին պիտի դառնայ անտանելի։ Միակ ելքը՝ Հայաստանի քաղաքական ուժերու հաւաքական գործակցութիւնն է։ Ժ.Չ. ■ Նենսի Փելոզիի այցին առթիւ, Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 18-ին կազմակերպուած են հանրահաւաքներ` զայն ողջունելու, բայց նաեւ... Բաբայեան դասախօսած է Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի մէջ ...more8minPlay
September 19, 2022«Նոր Յառաջ»-1781-ի ձայնագրեալ լրահոսը 20 Սեպտեմբեր 2022 ՆԵՆՍԻ ՓԵԼՈԶԻ, ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԷՆ ԵՏՔ, ԱՌ Ի ԶՕ ՐԱԿ ՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷՐ ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔԻ, ՍԻՒՆԻՔԻ ՈՒ ՎԱՅՈՑ ՁՈՐԻ ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐԷՆ ՏԵՂԱՀԱ ՆՈՒԱԾ ԵՆ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆԸ 7.600 ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐՈՒ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ “ՁԵՐ «ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ» ԱԼԻԵՒԸ ՅԱՐՁԱԿԵՑԱՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅ” ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԵՒՐՈԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿՇՏԱՄԲԱԾ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒՀԻՆ ՑՈՅՑ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ «ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ ԲՌՆԱԳՐԱՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 8,5 ՔՄ. ԼԱՅՆՔՈՎ, 7,5 ՔՄ ԽՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՏԱՐԱԾՔ...more7minPlay
September 18, 2022«Նոր Յառաջ»-1780-ի ձայնագրեալ լրահոսը 17 Սեպտեմբեր 2022Իրան՝ Ազերպայճանին.– «Հայ-իրանական սահմանը կը համարենք հաղորդակցութեան պատմական ուղի, որ պէտք է անփոփոխ մնայ»...more4minPlay
September 18, 2022«Նոր Յառաջ»-1779-ի ձայնագրեալ լրահոսը 15 Սեպտեմբեր 2022Յանդուգն ձայն մը եւս հնչած է։ Այս անգամ՝ իր արդարամիտ ու հայամէտ դիրքորոշումներով ծանօթ ֆրանսացի եւրոերեսփոխան Ֆրանսուա-ԶաւիէՊելամիի ձայնն է։ Ան, Սեպտեմբեր 13-ին, Եւրոպական խորհրդարանի՝ քուէրկութեանց նիստէն առաջ (ֆրանսական ժամով 13-ին) ունեցած է հետեւեալելոյթը, որ արժանացած է դահլիճին բուռն ծափարութեան։...more6minPlay
September 18, 2022«Նոր Յառաջ»-1778-ի ձայնագրեալ լրահոսը 13 Սեպտեմբեր 2022Համացանցի վրայ կը գործէ «Կիւլպէնկեան»-ի Հայերէն-Անգլերէն կայքէջըԱրեւմտահայերէն լեզուի եւ մշակոյթի կենսունակութիւնը կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկականբաժանմունքի գործունէութեան կորիզը։ Մեր կայքէջը պարտի արտացոլել այս մօտեցումը, ներկայացնելով հայերէնըորպէս ստեղծագործութեան, արհեստավարժ գործունէութեան եւ հաղորդակցութեան լեզու։ Ամիսներուպատրաստութենէ ետք, մեր երկլեզու կայքէջը արդէն թողարկուած է՝ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋՀայերէն կայքէջի պատրաստութեան համար աշխատեցանք եւ դիմեցինք ծրագրաւորողներու, տառանկարողներու,թարգմանիչներու, խմբագիրներու եւ պատկերազարդողներու։ Մեր նպատակն էր ունենալ հայերէն կայքէջ մը որ չիզիջիր անգլերէնին եւ ունի նոյն առաւելութիւններն ու յատկանիշերը։Կը յուսանք որ մեր կայքէջի հայերէն տարբերակը ունենայ բազմաթիւ այցելուներ։Գալուստ Կիւլպէնկեան ՀիմնարկութեանՀայկական Համայնքներու Բաժանմունք ■...more5minPlay
September 18, 2022«Նոր Յառաջ»-1777-ի ձայնագրեալ լրահոսը 10 Սեպտեմբեր 2022Մահ՝ Անգլիոյ թագուհի Էլիզապէթ Բ.իՀինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8-ին, Սկովտիոյ Պալմորալ դղեակին մէջ, 96 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Անգլիոյ թագուհի Էլիզապէթ Բ.։Ան, ամէնէն երկար ժամանակ գահակալած միապետերէն էր՝ 70 տարի։ Զինք պիտի փոխարինէ 73-ամեայ որդին՝ իշխան Շառլ, որ այսուհետեւ կը ստանայ«Արքայ Շառլ Գ.» տիտղոսը։ Երկրին մէջ 10-օրեայ սուգ հռչակուած է։...more5minPlay
September 18, 2022«Նոր Յառաջ»-1776-ի ձայնագրեալ լրահոսը 08 Սեպտեմբեր 2022ՓԱՐԻԶՖրանսայի Հայոց թեմի տարեկան փառատօնը հետզհետէ իր տեղը կը գրաւէ համայնքի կեանքին մէջ Կիրակի, Սեպտեմբեր 4-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի հինգերորդ փառատօնը, Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարի Ժան-Կուժոն փողոցին մէջ։ Փարիզահայութեան կեանքին մէջ՝ տարիներու ընթացքին հետզհետէ իր տեղը գրաւած այս նախաձեռնութիւնը տարուէ-տարի իր տարածքով ալ կ՚ընդարձակուի, գրաւելով գրեթէ ամբողջ փողոցը։...more9minPlay
FAQs about RADIO AYK:How many episodes does RADIO AYK have?The podcast currently has 456 episodes available.