RADIO AYK

RADIO AYK

By Chake Grogan Շաքէ ՄանկասարեանMusic
Download on the App Store

RADIO AYK episodes

  • «Նոր Յառաջ»-1875-ի 13 ՄԱՅԻՍ 2023 ձայնագրեալ լրահոսը
    • ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է «DEFEA 2023» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
    • ԳԵՂԱՄ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ԱՀԱԶԱՆԳԸ՝ ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԻՆ Կ՚ԱՐԳԻԼԷ ԱՐՑԱԽԷՆ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐ ՓՈԽԱԴՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
    • ՅՈՒՆՈՒԱՐ-ԱՊՐԻԼԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է 630 ՀԱԶԱՐ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

    • 6 min
    • «Նոր Յառաջ»-1872-ի 04 ՄԱՅԻՍ 2023 ձայնագրեալ լրահոսը կցուած:

      ՖՐԱՆՍԱ Ազերպայճան դատի տուած է «Շարժում»-ը: Մեզի աջակցելու համար՝ https://www.helloasso.com/associations/charjoum-le-mouvement/formulaires/3»,– կ՚ըսուի այս առթիւ «Շարժում»-ի հրապարակած կոչ-հաղորդագրութեան մէջ։

      Շնորհակալութիւն « Նոր Յառաջ » Մայիս 4-ի ձայնագրուած լուրերու հաղորդումին ։ Ափսոսալով կը լսենք որ Թուրքիայ արգիլած է Flyone Armenia-ի թռիչքները դէպի Եւրոպա ։ կը ցաւակցինք Արցախի ժողովուրդին հետ ՝ որ Արցախ տանող մայրուղին շրջափակուած է ՝ այս անգամ Ազերի զինւորներով ։ Բայց գոնէ ուրախացանք որ 7 Հայաստանցի քաղաքացիներ կարողացեր են Սուտանէն Եգիպտոս անցնիլ ։ Tatios Yessayan https://www.facebook.com/profile.php?id=100002029627058


      7 min
    • «Նոր Յառաջ»-1871-ի 29 ԱՊՐԻԼ 2023 ձայնագրեալ լրահոսը

      ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՐՑԱԽԻՆ 3,5 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄ ՎԱՐԿ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ

      ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԼՈԶԱՆԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ՝ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

      ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ. «108 ՏԱՐԻ ԵՏՔ ՏԱԿԱՒԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽ ԹԱԼԱԱԹ ՓԱՇԱՅԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՓՈՂՈՑՆԵՐԷ ԿԸ ՔԱԼԵՆՔ»

      ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՆԵՄԵՍԻՍ» ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ-ԱՂԲԻՒՐԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է

      ԹՈՒՐՔԻԱ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉԱԾ ԵՆ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝

      ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԵՐԳԱՀԱՆ ՊՐԻՒՆՕ ՄԱՆԹՈՎԱՆԻԻ «MEMORIA» ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

      Շնորհակալութիւն « Նոր Յառաջ » Ապրիլ 29-ի լուրերու հաղորդումին ։ Յուզիչ բայց խորիմաստ էր Կարօ Փայլանի խօսքը ինչպէս նաեւ Վատիկանի POPE-ին մեծարանքի խօսքը Գրիգոր Լուսաւորիչի մասին ։ Աղուոր էր Դանիէլ Վարուժանի « Հեթանոս Երգերու » մէկ ոտանաւորը որ արտասանուցաւ ։Tatios Yessayan https://www.facebook.com/profile.php?id=100002029627058


      10 min
    • «Նոր Յառաջ»-1870-ի 27 ԱՊՐԻԼ 2023 ձայնագրեալ լրահոսը

      ՎԵՐՍԱՅԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 108-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԵՐԳԸ

      Ապրիլ 22-ի երեկոյեան Վերսայլի պալատի արքայական մատուռին մէջ՝ հայ եւ ֆրանսացի երաժիշտներու կատարումով, տեղի ունեցաւ «Հայկական ոգիներ» («Âmes arméniennes») տիտղոսը կրող խորհրդանշական եւ բացառիկ համերգ՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Վերսայլի արքայական պալատի օփերային եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան

      համագործակցութեամբ։

      • Շնորհակալութիւն « Նոր Յառաջ » Ապրիլ 27-ի ձայնագրուած լրահոսին։ Զգացուած եմ։ Ոգեկոչում կար մեր Նահատակներու յիշատակին զանազան քաղաքներու մէջ ՝ Փարիզ , Մարսէյլ . Հալէպ , Թիֆլիս , Երեւան եւ այլ քաղաքներ ։ Մեր նահատակները պիտի միշտ ողջ մնան մեր սիրտին մէջ։ Tatios Yessayan
      • Greatly appreciated Nor Haratch radio հաղորդումներ with most inspiring messages especially concert at Versailles with a sample most excellent Armenian music. Azadouhi Kalaidjian Simonian
      • 12 min
      • «Նոր Յառաջ»-1867-ի 20 ԱՊՐԻԼ 2023 ձայնագրեալ լրահոսը
        • ՄԱՐՍԻԼԻԱ Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդի շէնքի ճակատին՝ Ապրիլ 24-եան հսկայ պաստառ մը
          • ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ԳՈՒՐՊԸՎՈՒԱ Քաղաքապետը իր ելոյթին յայտարարած է՝ գալ տարի քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան զետեղելու իր եւ քաղաքային խորհուրդի նախաձեռնութեան մասին։
            • Կարսի մէջ տեղի ունենալիք ռազմափորձերուն հիմնական նպատակն է ապահովել մարտական գործողութիւններու ընթացքին զօրքերու համակարգումը, փորձառութեան փոխանակումը եւ բարձրացնել անձնակազմի արհեստավարժութեան մակարդակը։

            • Հազար շնորհակալութիւն շատ սիրելի՛ ընկերուհի ջան։Վարձքդ շաաաաաատ կատար։
              10 min
            • «Նոր Յառաջ»-1866-ի 18 ԱՊՐԻԼ 2023 ձայնագրեալ լրահոսը

              ՍՊԱՆԻԱ – ԱՐՑԱԽ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ 100 ՀԱԶԱՐ ԵՒՐՕ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ:

              Մեծ բաւարարութեամբ հետեւեցայ 18 Ապրիլի Նոր Յառաջի լրահոսին։ Սորպօնի գիտաժողովը շատ կարեւոր իրագործում է։ Բաւարար տեղեկութիւն կայ ունկնդիրին համար։ Ֆրանսան շատ ակտիւ է հայութեան ի նպաստ այլազան նախաձեռնութիւններով։Վարձքդ կատար Շաքէ որ մեզի կը հասցնես այս բոլորը գեղեցիկ մատուցումով։ Azadouhi Kalaidjian Simonian

              6 min
            • «Նոր Յառաջ»-1865-ի 15 ԱՊՐԻԼ 2023 ձայնագրեալ լրահոսը

              ՖՐԱՆՍԱ « Who’s Who » տարեգիրքի ֆրանսական հրատարակութեան նոր սեփականատէրն է Մուրատ Փափազեան

              «Բագին»-ի գրական ժառանգութիւնը՝ թուայնացած ու առցանց հասանելի է հանրութեան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ՝ «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը իր 60-ամեակը կը բոլորէ դարու պահանջներուն գոհացում տալով եւ իր ամբողջական գրական արխիւը թուայնացնելով։

              Tatios Yessayan կը գրէ .- Շնորհակալութիւն Նոր Յառաջ 15 Ապրիլի ձայնագրուած հաղորդումին ։

              Կը շնորհաւորեմ Համազգայինի ԲԱԳԻՆ-ը իր 60 տարիներու արգասիքը տալուն համար եւ կը մաղթեմ բարի երթ դէպի երկրորդ 60 տարիներու ։

              6 min

            About RADIO AYK

            From the publisher's feed

            Radio AYK Armenian online radio station [email protected]