
Sign up to save your podcasts
Or


ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աղջոց վանքը փլուզման շեմին է Խոսրովի արգելոցի տարածքին գտնուող Աղջոց Սուրբ Ստեփանոս վանքը
փլուզման շեմին է։ Աւանդութեան համաձայն՝ կուսանաց այս վանքը հիմնուած է 4-րդ դարուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ, ուրկէ ալ անունը՝ «աղջկոց», կ-ն սղած է, դարձած՝ Աղջոց: Սակայն հասկնալի է, որ այսօր մեզի հասած վանքը 13-րդ դարուն վերակառուցուած համալիրն է:
«Նոր Յառաջ»-1861-ի 4 ԱՊՐԻԼ 2023 ձայնագրեալ լրահոսը
Լեհաստանի մէջ լոյս տեսած է հայ-լեհական «Մունետիկ» եռամսեային առաջին համարը
Ազերպայճան՝ Արցախի ներկայացուցիչները կրկին հրաւիրած է Պաքու
ԼՈՆՏՈՆ Հայ եւ եւրոպացի երաժիշտներու գործերը մեկնաբանած են միջազգային համբաւ վայելող արուեստագէտներ «Love Opera Arias & Romances» համերգը՝ Քենսինկթընի Ս. Քաթպերց եկեղեցւոյ մէջ
Արցախը 100 օր է, որ շրջափակման մէջ է։ Ազերպայճան արդէն 100 օր է, որ չի կրնար հասնիլ իր դաւադիր նպատակներուն՝ հայաթափել Արցախն ու գրաւել զայն։
ԻՍՐԱՅԷԼ Հայֆայի մէջ բացումը կատարուած է «Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակ»-ին: Մարտ 20-ին, Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է «Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակ»-ին, հակառակ Թել Ավիվի Թուրքիոյ դեսպանութեան կողմէ գործադրուած ճնշումներուն։
From the publisher's feed