Եկէք անկեղծ խօսինք

Եկէք անկեղծ խօսինք

By Սագօ ԱրեանBusinessHistoryCareers
Download on the App Store

Եկէք անկեղծ խօսինք episodes

  • Razi J (Ռազմիկ Ճուլֆայեան) - Ինքնութիւն, Երաժշտութիւն, Սփիւռքահայ Երգարուեստ| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #64

    ⛪️🎵Մանկութեան սէրը եկեղեցիին հանդէպ․ ինչպէ՞ս եկեղեցին դարձաւ իր «կեանքի դպրոցը»։

    🇱🇧🇦🇲Պուրճ Համուտը որպէս «փոքր Հայաստան»․ ինչպիսի՞ն էր հայկական միջավայրը, ուր ան մեծցած է։

    🎤 Արաբերէնէն հայերէն երգեցողութեան անցնիլը․ ո՞ր արուեստագէտի խօսքը փոխեց իր ամբողջ ընթացքը։

    🎙 Իսկական արուեստագէտի յատկանիշները․ ինչո՞ւ բաւարար չէ միայն մօր գովասանքը, եւ ի՞նչ պէտք է գիտնայ բեմին վրայ։

    💻 Համացանցի դաժանութիւնն ու սուտ լուրերը․ ինչպէ՞ս իր մահուան մասին տարածուած լուրը ցաւ պատճառեց մօրը։

    ❤️ Իրար սիրելու եւ աջակցելու կարեւորութիւնը․ ինչո՞ւ հայերը պէտք է միասնական ըլլան, քանի որ թիւով քիչ են։

    ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան «Եկէք անկեղծ խօսինք» փոթքասթին հիւրընկալած է երգիչ, մշակութային, համայնքային գործիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեանին (Razi J):

    1 hr 5 min
  • Մարալ Տէյիրմենճեան - Հայաստանի Վիճակ, Լիբանանահայ Գաղութ Եւ Կրթական Կեանք - Եկէք Անկեղծ Խօսինք #63

    🇦🇲Հայաստանը երէկ եւ այսօր.Փոփոխութիւններ եւ տարբերութիւններ։

    Անցեալին տխուր երկիր էր Հայաստանը, իսկ այսօր՝ ուրախ։

    Մեր հիւրը՝ Մարալ Տէյիրմենճեանը, ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ կրթական ոլորտին մէջ։

    🇱🇧Ի՞նչ էին Լիբանանին տրուած «նուէրները»:

    Պէյրութի մեծ պայթումը ամենասոսակալին էր: Ի՞նչ վնասներ կրեցին Լիբանանի հայկական դպրոցները եւ ի՞նչ պայմաններու տակ դարձեալ ոտքի կանգնեցան։

    🇦🇲🇱🇧Լիբանանեան մեծագոյն խնդիրը ի՞նչ է այսօր, եւ ի՞նչ են հնարաւորութիւնները։

    ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ կրթական մշակ, Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն Վարժարանի (Էշրէֆիէ) տնօրէնուհի՝ Մարալ Տէյիրմենճեանի հետ։

    49 min
  • Մկրտիչ Սէրթշիմշէք - Խաչեր, Էրտողանի այցը Ազգային Հիւանդանոց,Պոլսահայութուն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #62

    🇦🇲🇹🇷«Ես Հայաստանի վիրուսը առած եմ». պոլսահայ գործչի խոստովանութիւնը

    «Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն ձեռքս մեկնած եմ եւ աշխարհի չորս կողմը շատ մը եկեղեցիներու օժանդակած եմ. սիրով կ՚ընեմ»։

    🇦🇲🇹🇷Ինչպէ՞ս կ՚ապրին հայերը Պոլսոյ մէջ։

    Հայաստանի հայութեան ապագան՝ դուրսի դիտողի աչքերով։

    ⭕️«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ իր գործունէութեան եւ հայ-թրքական կապերու մասին կը պատմէ համայնքային գործիչ, եկեղեցական սպասքներու ստեղծարար մասնագէտ, քիմիագէտ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։

    54 min
  • Մովսէս Ֆաքճեան - Հալէպի Նոր Գիւղ, Պիքֆայայի Դպրեվանք, Թատրոն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #61

    Մերձաւոր Արեւելքի անցեալի կեանքը։

    Յիշողութիւններ, պատմութիւններ, հետաքրքրական դրուագներ անցեալէն։

    🇦🇲🇸🇾Ինչո՞ւ սուրիահայութիւնը չկարողացաւ այստեղ ստեղծել իր կեանքը։

    ⭕️Այս եւ այլ հարցերու մասին «Անկեղծ զրոյց»-ի տաղաւարին մէջ կը պատմէ համայնքային գործիչ, դերասան՝ Մովսես Ֆաքճեան։

    48 min
  • Սիպիլ - Երգարուեստ, Դժուար Ճամբայ Եւ Պոլսահայ Համայնք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #60

    🇹🇷🎵Թուրքիոյ մէջ երգելու մասին. Դժուա՞ր, թէ՞ դիւրին ընտրանք։

    🇦🇲Նպատակը միայն հայերէն երգել էր։

    🌌«Երկինք նայեցայ եւ Աստուծմէ բան մը խնդրեցի». ի՞նչ էր խնդրանքը։

    «Երջանկութեան արցունքներ»ը եւ Սիպիլը. Ի՞նչ առընչութիւն կայ։

    🇹🇷🇦🇲Սուպէր Սաքոյի երգերը Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ, ինչպէ՞ս պատահեցաւ։

    Առաջին անգամ ո՞վ ուրախութիւն պատճառեց Սիպիլին եւ իր առաջին սկաւառակը տարածեց Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներու մէջ։

    🔴Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է պոլսահայ հանրայայտ երգչուհի՝ Սիպիլին հետ։

    47 min
  • Լեզու, Սփիւռք, Բանաստեղծութիւն, Արեւմտահայերէն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #59 Խաչիկ-Տէր Ղուկասեան

    📝Գրել. Ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ինչո՞ւ։

    Լաւ յօդուածը բանավէճ պէտք է ստեղծէ. ինչո՞ւ

    🇦🇲Մաքրամաքուր հայերէնը ապրեցնող է՞, թէ՞ վանող։

    Ո՞ր պարագային գրողները «աղանդի» մը կը վերածուին։

    Արեւմտահայերէնին կեանք տալը կը շարունակէ մարտահրաւէր մնալ. ինչո՞ւ։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է արժանթինաբնակ (արմատներով՝ Լիբանանէն) բանաստեղծ եւ հրապարակախօս Խաչիկ-Տէր Ղուկասեանին հետ։

    55 min
  • Հայու ինքնութիւն, Հայ մամուլ, Եգիպտահայութիւն, Լրագրութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #58 Թովմաս Գորգիսեան

    Ի՞նչ կը նշանակէ երկու գաղթավայր ունենալ:

    🇪🇬Եգիպտացի՞, թէ՞ արաբ, ի՞նչ են տարբերութիւնները։

    Ի՞նչ պատճառով մեր հիւրին հետ յիշեցինք ՀՀ Ազգային հերոս Մովսէս

    Գորգիսեանը։

    🇪🇬🇦🇲Եգիպտահայ համայնքի խնդիրներն ու դժուարութիւնները։

    Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն մասին. մեծ հաշուով պատկերը՝ մոխրագոյն է։

    Ովքե՞ր են այն երկու խոշոր գործիչները, որոնք այցելած են թէ՛ Գահիրէ թէ’ Աղեքսանդրիա։

    🇦🇲📰Հայ մամուլի ըրածը այսօր recycling չէ՞ արդեօք, եւ ի՞նչ ըսել է «տաքցուր փակցուր»։

    ⭕️Այս հարցերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է լրագրող, հրապարակախօս Թովմաս Գորգիսեանին հետ

    36 min
  • Կիպրահայութիւն, Մասոններ, Մելգոնեան Վարժարան , Եկեղեցի | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #57 | Անդրանիկ Աշճեան

    Քանի՞ տեսակ հայրենիք կայ եւ ինչո՞ւ

    Երկուութիւնը ի վերջոյ խանգարող հանգամանք է

    🇨🇾🇦🇲Ինչի՞ կարիք ունի կիպրահայութիւնը

    Սփիւռքի կարեւորագոյն խնդիրը ո՞րն է

    Ի՞նչ ըսել է «լոյս տեսնել»

    «Ազատ որմանդիրներ»ը եւ դաւադրապաշտութիւնը. առնչութիւններ կա՞ն

    Ի՞նչ ըսած է ՀԲԸՄ-ի երեւելի առաջնորդներէն՝ Ալեք Մանուկեանը Կիպրոսի «Մելգոնեան» վարժարանին մասին։

    ⛪️Եկեղեցին ի՞նչ է մեր հիւրին համար։

    🇦🇲Ո՞ւր է հայը եւ ինչպիսի՞ն է ան ի վերջոյ։

    ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է կիպրահայ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանին հետ

    1 hr 1 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #56 | Սէրուժ Պաղտասարեան (C-rouge) | Ինքնութիւն, Հայկական Ոգի, Երաժշտութիւն

    🎼Զգացումներ, ուժ եւ ոգի… Ինչի՞ մասին է իր երաժշտութիւնը։

    🇦🇲Երեւանի մէջ տրուած համերգը կը խօսէր նոր ձայնի մը մասին։

    🇱🇧Պէյրութը այլ միջավայր է, հանգստութիւն կու տայ։

    🇦🇲Ինչո՞ւ Հայաստան գալ, ի՞նչ պատճառներով եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։

    🎵🇦🇲Ո՞րն է իրական հայ երգը եւ ի՞նչ յատկանիշներ պէտք է՝ զայն որպէս հայ երգ ներկայացնելու համար։

    Մեր հիւրին պատգամը՝ «Սիրեցէ’ք հայ եւ մնացէ’ք» հայ։

    ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան անկեղծ զրոյց մը ունեցած է. լիբանանահայ երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեանին հետ։

    43 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #55 | Արա Սանճեան. Պատմութիւն, Հայու Ինքնութիւն, Կրթութեան Կարեւորութիւն

    🇦🇲Ջանք կայ՝ Հայաստանի պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու։

    Նոր չեն պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու փորձերը։

    Շատ մը պարագաներու այսօր տեղի ունեցող դէպքերը կը փոխառընչենք անցեալի դէպքերուն։

    Պապ Թագաւորի օրինակը եւ Փաշինեան-Գարեգին Բ. լարուածութիւնը ուղղիղ կապ մը չունին, բայց հասարակութիւնը միշտ կը փորձէ կառչիլ անցեալի պատմութենէն եւ անցեալի դէպքերէն։

    Պատմութիւնն ի վերջոյ ի՞նչ է մեր հիւրին համար։

    Հայաստանի մասին մեծ-մեծ խօսիլը կամ անցեալը յիշատակելը ոչ այնքան դրական է, քան՝ բարձր մակարդակի կրթութեան տիրացած ըլլալը։

    ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է պատմաբան, համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Արա Սանճեանին հետ։

    1 hr 7 min

About Եկէք անկեղծ խօսինք

From the publisher's feed

Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը:

  • Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր…