
Sign up to save your podcasts
Or


🇱🇧🇦🇲Պէյրութի հայկական թաղամասերու՝ Հաճընի, Խալիլ Պատուիի եւ Պուրճ Համուտի մէջ ի՞նչ փոխուած է այսօր եւ առհասարակ ի՞նչ են սփիւռքահայութեան հիմնահարցերը։
«Հինցած» խօսոյթները վտանգաւո՞ր են եւ ինչո՞ւ։
Իւրաքանչիւր արտայայտութիւն, պիտակ եւ մեղադրանք պիտի ունենայ իր հակազդեցութիւնը։
Ի՞նչ պատճառներով պէտք է ըլլալ զգոյշ եւ իրատես։
Ճիշդ նաւարկել այսօրուան աշխարհին մէջ եւ ինչպէ՞ս հասնիլ այդ մակարդակին։
⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանին հետ։
Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ հիմնուեցաւ նախաձեռնութիւնը։
🇦🇲🇮🇱«Կովերու պարտէզ»ը ինչո՞վ կը կարեւորուի։
Գործարքը , որ կնքուած է՝ «լա՞ւ» կամ «վա՞տ» գործարք է։
Ո՞վ եւ ինչո՞ւ յարձակում գործեց Երուսաղէմի հայ բնակիչներուն վրայ եւ ինչո՞վ աւարտեցաւ այդ բախումը։
🇮🇱🇦🇲Երուսաղէմը եւ Արցախը ինչո՞վ կը նմանին իրարու։
Հայութիւնը պէտք է ոտքի ելլէ՝ փրկելու հայկական Երուսաղէմը
⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է Save the ARQ նախաձեռնութեան համահիմնադիր Սեդրակ Պալեանին հետ
🇦🇲🇹🇷Թուրքիոյ մէջ ինքնութեան հարցեր, հայերէն թերթ հրապարակելու փորձառութիւն։
Այսօր որո՞նք են պոլսահայութեան մարտահրաւէրները։
Պահպանողական ըլլալու մասին կան կարծրատիպեր եւ պիտակաւորումներ։
Ինչպէ՞ս վերաբերիլ, երբ դիմացինդ քեզի «Դուն թուրք ես» կ՚ըսէ…
Հայ մամուլի խնդիրներն այսօր։...
⭕️Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Գօչունեանին հետ։
📰Սփիւռքեան գաղութներուն մէջ մանկապատանեկան թերթերը ինչպէ՞ս զարգացան։
Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է արեւմտահայերէն մանկագրութիւնը։
🇦🇲Սպասումներ կա՞ն, որ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը ծաւալուի։
Հ-ո՞վ գրել, թէ՞ յ-ով. Յակոբ Չոլաքեանը ձեւ մը կ՚առաջարկէ, իսկ Արմենակ Եղիայեանը՝ բոլորովին այլ ձեւ։
🇸🇾🇦🇲Մեր հիւրին համոզումով՝ «Հալէպը կայ ու կը մնայ»։
⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մանկավարժ, մանկապատանեկան թերթերու հրատարակիչ՝ Այտա Մինասեանին հետ։
🇦🇲🇸🇾Ետդարձի ճանապարհ չկար. լեզուն ամբողջութեամբ հասկնալու հարց կար։
Ինչո՞ւ բոլորը ծուռ կը նայէին։
Մանոյի եղբօր մազերը խօսելու թեմա դարձան։
Կօշիկի կապ կապելու դժուարութիւն, ինքնաշարժին տակ պառկելու խնդիր եւ շնչակտուր վիճակ։
🏋♂Ե՞րբ սկսիլ մարզանքի եւ ինչո՞ւ։
🇦🇲Ինչպէս զարգացաւ մարմնամարզութիւնը Հայաստանի մէջ։
⭕Եւ այս բոլորէն անդին, ճիշդ սնուելու, ժամանակը յարգելու եւ առողջ ապրելու մասին Սագօ Արեան զրուցած է մարմնամարզիչ եւ սննդաբան Մանօ Բրուտեանին հետ
🎵Ինչպէ՞ս «Կիւրճիէֆ անսամպլ»ի կատարումները հասան միջազգային երաժշտական հարթակներ։
🏆Ի՞նչ մրցանակներ ստացած է Լեւոն Իսկէնեանի ղեկավարած «Կիւրճիէֆ անսապլ»ը։
Կային քաղաքներ, ուր հայկական երաժշտութիւնն առաջին անգամ հնչեց։
Կեանք մը, որ կ՚անցնի պատերազմներու մէջէն։
Մեր իրական զէնքը նաեւ մշակոյթն է։
⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երաժիշտ Լեւոն Իսկէնեանին հետ։
Երկու մշակոյթներով ապրիլ. Դժուա՞ր է, թէ՞ դիւրին
🇦🇲Հայաստանը ունի՞ առաւելութիւններ
Հայաստանի հարուստները եւ մշակոյթը. կա՞ն առընչութիւններ
Այսօր բարոյական մթնոլորտը խոցելի է. ի՞նչ են պատճառները
Հզօր պետութիւնը ուրկէ՞ սկիզբ կ՚առնէ
Ինչո՞ւ գրողը պահուան մը համար «մահացաւ» եւ ո՞ւր եղաւ ատիկա։
⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է գրող Նուշիկ Միքայէլեանին հետ։
🎨Արուեստի պատմութեան մէջ այդ մէկը ընդգծուած է. ինչի՞ մասին է խօսքը։
💓Սէրը ի՞նչ կը բերէ։
Խաղաղութիւնը ի՞նչ կը բերէ իր հետ։
🇦🇲Հայու ճակատին ի՞նչ գրուած է։
Հայ նկարիչ կոչուիլ ի՞նչ կը նշանակէ։
Ի՞նչ տեսակ հայրենիք երազել եւ ինչո՞ւ։
⭕Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ հայրենադարձ արուեստագէտ՝ Ռաֆֆի Ետալեանին հետ։
🇦🇲Ինչպէ՞ս ընտրել Երեւանի համադամ ուտելիքները։
Եթէ չկրնաս ուտել ուտելիքդ, ի՞նչ ընել այդ պարագային։
🍟🥨🍩🍫Ճաշերու տարբերութիւններ, մշակոյթի զանազանութիւն։
Համեղ ճաշ պատրաստելու համար ի՞նչ է հարկաւոր եւ ի՞նչ են թերացումները այդ առումով։
Քանի՞ տեսակ շաուրմա կայ. մեր ճանչցած շաուրման եւ Երեւանի մէջ պատրաստուած շաուրման ինչո՞վ կը տարբերին։
Համը նաեւ մշակոյթ է. այդ առումով սորվելիք կա՞յ։
⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է The Bites Blog վարողին հետ։
🤔Այսօր Սփիւռքի մէջ ովքե՞ր են արեւմտահայերէնի իրական պաշտպանները։
Արեւմտահայերէնը ի՞նչ է մեզի համար եւ ի՞նչ տիպի լեզու կը համարուի։
🇦🇲Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս սխալեցաւ սփիւռքահայութիւնը։
🤝Միասնութեան հաւատա՞լ, թէ ո՞չ. ի՞նչ է առհասարակ միասնութիւն։
Միասին աշխատի՞լ, թէ՞ բեմերէն ամպագոռգոռ խօսիլ։
⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան» հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։
From the publisher's feed
Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը:
Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան: