Եկէք անկեղծ խօսինք

Եկէք անկեղծ խօսինք

By Սագօ ԱրեանBusinessHistoryCareers
Download on the App Store

Եկէք անկեղծ խօսինք episodes

  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #54 | Սօսէ Ալեքսա Գրիգորեան. Արեւմտահայերէն, Երուսաղէմ, Հայութեան Ապրած Տագնապներ

    🎥Մեր հիւրն ի՞նչ պայմաններու տակ սկսաւ տեսանիւթեր արձանագրել։

    Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը։

    🇦🇲Հայաստանը ի՞նչ փոխած է իր մէջ։

    Մեծ թիւով հայաստանցի օգտատէրեր ի՞նչ կարծիք յայտնած են անոր պատրաստած տեսանիւթիւներուն մասին։

    ✈Օդանաւը ինչպէ’ս եւ ո’վ «հանած է», ինչի՞ մասին է խօսքը։

    🇦🇲🇮🇱Երուսաղէմի հայութեան ապագային մասին։

    Որո՞ւ կարիքն ունինք այսօր եւ ինչո՞ւ։

    Հայերն ի վերջոյ խելացի՞ են։

    ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երգչուհի, պլոկըր Սօսէ Ալեքսա-Գրիգորեանին հետ։

    1 hr 2 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #53 | Տիգրան Գաբոյեան. Հալէպ, Արեւմտահայ Գրականութիւն, Սփիւռքի «Անորոշութիւն»

    🇸🇾Հալէպէն խոյս տալ եւ խուսափիլ, ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ։

    Հալէպ «նոր վերադարձ»ը բոլոր առումներով տարբեր եղաւ, հինէն եկած կապուածութիւնը վերակենդանացաւ։

    «Ես խղճացի Հալէպ»ին. ըսաւ մեր հիւրը։

    Վերջին գրողները արեւմտահայ գրականութեան. ինչո՞ւ վերջին։

    Հայաստանի մէջ գիտե՞ն արեւմտահայ գրականութեան մասին։

    🇺🇸Լոս Անճըլըս. «նոր յո՞յս», թէ՞ «նոր իրավիճակ։

    🇦🇲Երեւանի մէջ «Արեւմտահայկական ճաշարա՞ն», թէ՞ «Արեւմտահայերէն դպրոց»։

    Սփիւռքը պատրա՞ստ է Հայաստանին իր «տոլարներ»ը տալու։

    Ի՞նչ է «Պարոն սփիւռք»ի ուզածը այսօր։

    Հզօր սփիւռք մը ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանին։

    Հայաստանն ի վերջոյ ինչքա՞ն ժամանակի մէջ կը դառնայ հզօր երկիր եւ հզօր պետութիւն։

    ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ հալէպահայ բանաստեղծ եւ լրագրող՝ Տիգրան Գաբոյեանի հետ։

    56 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #52 | Հրայր Զաքարեան | Փօլ Պաղտատլեան, Ատիս, Հայ Երգի «Ոսկեայ Օրեր», Լիբանան

    🇸🇾🇱🇧🇺🇸Գամիշլիէն Պէյրութ եւ Պէյրութէն Միացեալ Նահանգներ. Դժուար ճանապարհ եւ հայու ճակատագիր

    🎼Հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը կիրք է խորքին մէջ։

    Ի՞նչ միջոցներով Հրայր Զաքարեան մեծ յաջողութիւններու հասաւ։

    🇱🇧Լիբանանի վիճակը ծանր է այս օրերուն, սակայն գաղութը կը շարունակէ ապրիլ…

    🇺🇸Որո՞ւ կը հեռաձայնէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

    Հայ երգի վիճակը անմխիթա՞ր է։

    Փօլ Պաղտատլեանը եւ Ատիսը կերտեցին արդի երգի «Ոսկեայ տոմար»-ը։

    🇦🇲Ո՞ւր սխալեցաւ հայութիւնը եւ ի վերջոյ՝ ինչո՞ւ պատրաստ չէինք Արցախի պատերազմին։

    ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մշակութային գործիչ, կազմակերպիչ՝ Հրայր Զաքարեանին հետ։

    40 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #51 | Կարօ Պուլտուքեանը՝ Սիկարի Մշակոյթին Եւ Garo Cigars-ի Մասին

    Քալել, անվերջ քալել. Քալելը միայն ապրելաոճ չէ, այլ՝ տարերք։

    🇺🇸Ի՞նչ պայմաններու տակ ան հասաւ Միացեալ Նահանգներ ու նաեւ՝ Հարաւային Ամերիկա

    🚬Սիկարի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ուրկէ՞ կու գար։

    Սիկար ծխելը, ըստ անոր, վատ սովորութիւն մը չէ, այլ՝ կենսակերպ։

    Սիկարը նաեւ ապրումի, յաջողութեան եւ բարեկեցութեան խորհրդանիշ է։

    👨‍⚕Հոգեբանի երթալու փոխարէն, կարելի է նաեւ սիկար մը վայելել։

    Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պայմաններու ներքոյ Կարօ Պուլտուքեանին յաջողուեցաւ ստեղծել ՝ Garo Cigars-ը։

    ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է ապրանքանիշի տէր, հանրայայտ բժիշկ՝ Կարօ Պուլտուքեանին հետ։

    49 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #50 | Ստեփան Փարթամեան եւ Գէւ Օրգեան | Մշակոյթ, Հայաստան, Խնդուք, Կատակերգութիւն

    ❓Ո՞վ եւ ինչո՞ւ իրեն ըսած է. «Գէւ, ատ շարժումը ըրիր այսօր, բայց յաջորդին մինէր…»:

    ✋Ո՞վ ապտակեց Գէւին։

    Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով «ոչխար ժողովուրդ» ենք…

    🎵«Թաթուլի մայրաքաղաք»ը ո՞ւր է։

    Ի՞նչ պատճառներով Գէւ Օրգեան կը տխրի։

    Ստեփան Փարթամեան կը խօսի հայու տեսակի մը մասին, Easy come easy go-ին մասին, որո՞նք են ատոնք։

    🇦🇲«Բոլոր հայերը Պարպատոս երթալու տեղ, Հայաստան թող գան»։

    🇦🇲🇮🇱Հայերու եւ հրեաներու տարբերութիւնները …

    ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է Ստեփան Փարթամեանի եւ Գէւ Օրգեանի հետ

    1 hr 12 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #49 | Յակոբ Չոլաքեան՝ Քեսապի, Արեւմտահայէրէնի եւ Իրական Հայրենիքի մասին

    🇦🇲🇸🇾Նոյ նահապետը եւ Քեսապը. Ի՞նչ է առընչութիւնը։

    Մարդ միայն բարեկեցութեա՞ն համար կ՚ապրի։

    Հայերը ինչո՞ւ կը փախչին. ի՞նչն է պատճառը։

    🇦🇲🇵🇸Պաղեստինցիները եւ հայերը. ի՞նչ տարբերութիւններ կան։

    Միայն դպրոցն է, որ կրնայ պահել մեզ եւ մեր լեզուն։

    Չկայ հայրենիք, ուրեմն չկայ հայութիւն։

    ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ քեսապցի գրող եւ հայագէտ՝ Յակոբ Չոլաքեանին հետ։

    42 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #48 | Միրա Եարտըմեանը՝ Լիբանանի, Լիբանահայութեան Վախերուն Եւ Հայաստանի Արժէքին Մասին

    🇱🇧Ի՞նչ գործընթացներ են Լիբանանի մէջ. Ի՞նչ են ակնկալիքները։

    Լիբանանցիք վարժ են տագնապներու մէջէն թիավարելու։

    Վերջապէս երկիրը ունեցաւ նախագահ, կառավարութիւն եւ այդ մէկը իր հետ լաւատեսութիւն բերաւ։

    Լիբանան ապրիլը ինքնին որոշումի մը մասին կը խօսի։

    🇦🇲Սփիւռքահայերը ինչքանո՞վ կապուած են հայրենիք Հայաստանին։

    Հայաստանի մէջ է, որ շատ մը սփիւռքահայեր զիրար ճանչցան եւ ստեղծեցին նոր ու մշտական կապեր։

    Սփիւռքի մշակութային զանազանութիւնը հարստութիւն է հայութեան համար։

    ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ համայնքային-միութենական գործիչ՝ Միրա Եարտըմեանին հետ։

    26 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #47 | Մարիա Ղարիպեանը՝ Նորաձեւութիւն, Հայրենասիրութիւն Եւ Հայաստանի Մարտահրաւէրներ...

    🇸🇾🇦🇲Մեծ է թիւը անոնց, որոնք չդիմացան Երեւանի մէջ ու վերադարձան Հալէպ, հոնկէ ալ հեռացան դէպի եւրոպական ափեր

    🇦🇲👗Նորաձեւութիւն. Ինչպիսի՞ն է այդ ոլորտի վիճակը Հայաստանի մէջ, ի՞նչ են խնդիրները

    Հալէպ, թէ՞ Երեւան. ո՞ր քաղաքն է նախընտրութիւնը։

    Երեւանի հանդէպ սէրը…

    📲I Phone 16-ը եւ նորաձեւութեան աշխարհը. Ի՞նչ են կապերը

    Ո՞րն է Մարիա Ղարիպեանի մեծագոյն երազը

    Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցեց նորաձեւութեան բնորդուհի Մարիա Ղարիպեանին հետ

    37 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #46 | Կիրակոս Գույումճեանը՝ Հալէպի, Գործարարության եւ Հրապարակախօսութեան Մասին

    🇸🇾🇦🇲Ի՞նչ մնաց «Հին Հալէպ»էն...

    Երազ էր Հալէպը, ու այնտեղ ապագայ մը կերտելը դարձաւ երազանք։

    📝Մեր խօսակիցը ինչպէ’ս կարողացած է միացնել գրելու ձիրքն ու գործարարի կեանքը։

    🇦🇲Սփիւռքահայերու Հայաստան վերադարձի հարցը. ինչո՞ւ տապալեցաւ...

    Ի՞նչ առաջարկեց մեր հիւրը, որ Հայաստանի զարգացման ճանապարհին դրական տեղաշարժ մը գոյանայ։

    ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է քուէյթահայ գրող, հրապարակախօս եւ գործարար Կիրակոս Գույումճեանին հետ։

    57 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #45 | Սարգիս Պալըխեանը՝ Հայաստանի Ապագայի, Հեղափոխութեան, Սփիւռքի եւ Հայ Դատի Մասին

    🇦🇲Հայկական ապագան ինչո՞ւ մթագնած է։

    Ո՞ւր կարելի է հանգիստ ապրիլ։

    Ո՞վ լաւ ընդդիմադիր էր, եւ ո՞վ է ան, որ Հայաստանն այսօր անկարող է ղեկավարել։

    Սփիւռքի մէջ ի՞նչը կարիք ունի բարեփոխման եւ ինչո՞ւ։

    🇦🇲Ո՞րն էր առաջնային. Հայոց Ցեղասպանութեան խնդի՞րը, թէ՞ Արցախը որպէս Հայաստանի մաս ճանաչելը։

    Ի վերջոյ, առանց Հայաստանի հայ ժողովուրդը պիտի կարողանա՞յ գոյատեւել, թէ՞ ոչ։

    ⭕️Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է հանրային գործիչ, «Հալէպ» բարեսիրական միութեան նախագահ Սարգիս Պալըխեանին հետ։

    1 hr 1 min

About Եկէք անկեղծ խօսինք

From the publisher's feed

Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը:

  • Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր…