Եկէք անկեղծ խօսինք

Եկէք անկեղծ խօսինք

By Սագօ ԱրեանBusinessHistoryCareers
Download on the App Store

Եկէք անկեղծ խօսինք episodes

  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #34 - Անդրանիկ Քիլիսլեան (Abu Hagop)

    Մեծ մօր յորդորը...

    🌯Ուտելիքը ինչո՞ւ յիշողութիւն է

    Ո՞ւր սորվեցաւ խոհանոցի հմտութիւնները

    Յիշողութիւնը «սեղմել» եւ իրար քով հաւաքել

    Մսաշոթ, մսալոշ եւ ի վերջոյ՝ լահմաճիւն...

    Բազում լեզուներ եւ մէկ «պարունակութիւն»

    Բոլոր գործերը որո՞ւ վստահիլ

    Ճաշ պատրաստելը մշակոյթ է եւ խորքերուն մէջ հայրենիքը պահելու, պատմութիւնը պահպանելու ճիգը կայ

    ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրոյց մը ունեցած է Անդրանիկ Քիլիսլեանի ( նաեւ յայտնի իբրեւ Ապու Յակոբ) հետ։

    38 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #33 - Վարդան Գաբրիէլեան

    ❓Սփիւռքի մէջ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։

    Մեր հաւաքական կեանքին մէջ դրական կողմը ո՞րն է։

    «Հսկայական գործ» ըրած ենք ըսելով, ինչի՞ մասին կ՚ակնարկէ մեր հիւրը։

    Որակ եւ քանակ. Ի՞նչ է յարաբերակցութինը։

    Կարեւորը յարատեւ աշխատանքն է։

    Որո՞ւ խօսքին վստահիլ եւ որո՞ւ՝ ո’չ։

    ⭕Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է «Միասին» հարթակի հիմնադիր՝ Վարդան Գաբրիէլեանին հետ։

    1 hr
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #32 - Երուանդ Զորեան

    Իրական թիւը այն հայորդիներուն, որոնք արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ կը գործեն։

    1️⃣Թիւերը ինչի՞ մասին կը խօսին։

    Մեր յաջողութիւնը ինչի՞ մէջ կ՚երեւի։

    🔫«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութեան» հարցը ի՞նչ է։

    🇦🇲Հայաստանը ինչպէ՞ս ապահով պահել։

    🇨🇳🇹🇼Չինաստան-Թայվան «յարաբերակցութիւն»...

    Դպրոց, հայկական դպրոց եւ այսօրուան արդիական ընտրանքներ։

    Մտահոգ ըլլալ, բայց չվախնալ… Ինչո՞ւ այսօր բախտաւոր ենք…

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է «Սինոբսիս-Armenia» կազմակերպութեան նախագահ, Հայկական առցանց համալսարանի հիմնադիր՝ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին հետ

    34 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #31 - Ռաֆֆի Տուտագլեան

    Ի՞նչն է, որ մարդ արարածին երազներն ու միտքերը «կը յղկէ»։

    Վերատեսութիւն յանուն ինչի՞ եւ ինչո՞ւ հիմա։

    Մեծագոյն արժէքը մարդուս համար ի՞նչն է։

    Ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը խուսափի մեր հաւաքական պարտութեան մէջ իր բաժին պատասխանատուութիւնը ընդունելէ։

    🇦🇲Հայ մարդու առաջին եւ վերջնական կայարանը ո՞ւր է։

    ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է մտաւորական եւ հասարակական գործիչ՝ Րաֆֆի Տուտագլեանին հետ

    29 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #30 - Ափօ Սահակեան

    🎵Ինչպէ՞ս սիրեց երգն ու երգելը։

    🇦🇲Ի՞նչ կայ ամէն հայու սրտին մէջ։

    Անոր եարը ո՞ւր է։

    🇮🇱Երուսաղէմ եւ «փակ դռներ». ի՞նչ հասկնանք։

    🇮🇱🇵🇸Պատերազմէն ետք Կազայի մէջ ի՞նչ պատահեցաւ։

    🇦🇲Հայաստանի մէջ ի՞նչը աւելի յարգուած է, քան Սփիւռքի մէջ։

    ⭕️Այս բոլորին մասին լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է սաղիմահայ երգիչ՝ Ափօ Սահակեանին հետ։

    44 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #29 - Ռուբէն Ճանպազեան

    Տարիներու ընթացքին հայ մամուլին մէջ համատարած երեւոյթ դարձաւ արտատպութիւնը։

    📰Կարծէք մրցումի ելած են մեր թերթերը, թէ ո’վ աւելի շատ պիտի արտատպէ։

    Լեզուն գործածելու ատեն չպէտք է վախնանք։

    Լեզուի «սրբադասումը» միայն վնաս բերաւ մեզի։

    🇨🇦Ես Գանատա ծնած մեծցած եմ, եւ այդ մէկը անկարելի է հերքել կամ ատկէ խուսափիլ։

    🇦🇲12 տարեկանիս առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի, եւ այդ այցելութիւնը զիս կապեց այս երկրին։

    Հայաստանը երկիր մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կրնայ ծաղկիլ։

    Եւ մեր լեզուն ծաղկեցնելու համար ահագին գործ կայ ընելիք։

    ⭕Այս բոլորին մասին լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է գանատահայ հրապարակախօս, «ԹորոնթօՀայ» թերթի խմբագիր՝ Ռուբէն Ճանպազեանին հետ։

    44 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #28 - Սեւան Պետրոսեան

    🇦🇲Հայ ըլլալու գաղափարը Սփիւռքի մէջ «հիմնուած» է մի քանի հիմնական հանգամանքներու վրայ։

    Քրիստոնէութիւն, գրերու գիւտ եւ Ցեղասպանութիւն…

    Այդ «ինքնութեան փաթեթ»ը ձեւաւորուած էր

    1960-ականներու սկիզբը։

    Պատերազմը եկաւ եւ այդ փաթեթը «խախտեց»։

    Այս բոլորն ինչքան ալ ցաւոտ ըլլան, մեր պատմութեան մէջ ընդամէնը ակնթարթ մըն են։

    Սեւան Պետրոսեանը համաձայն է այն գաղափարին հետ, որ ամէնէն աւելի մենք իրար հետ խօսելու կարիքն ունինք։

    ⭕️ Նշուած թեմաներուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է Ընկերային աշխարհագրագէտ Սեւան Պետրոսեանին հետ։

    34 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #27 - Ժիրայր Բաբազեան

    Արտասահմանի մէջ մեր միութիւնները կը շարունակեն մեծ-մեծ խօսիլ։

    Յաջողի՞լ կուզէք, դրամը սեղանին դրէք։

    🇦🇲🇷🇺Հայաստանի մէջ ռուսական թատրոն ունինք, բայց արեւմտահայերէնով թատրոն չունինք։

    Արեւմտահայերէն թեքումով դպրոց մը ստեղծելը կարեւոր է։

    Մեզի համար մտայնութիւնները փոխելը հիմնական մարտահրաւէր մըն է։

    Կա’մ կը գերագնահատենք (մենք մեզ) կա’մ ալ կը թերագնահատենք (մեր թշնամիները)։

    Մեր թշնամիները մեզի կը յաղթեն, եւ մենք կը շարունակենք հաշուի չառնել մեր շուրջ տեղի ունեցածները։

    🇦🇲🇱🇧Պէյրութը արեւմտահայերէնով հայ թատրոնի սիրտն է։

    ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է դերասան, բեմադրիչ՝ Ժիրայր Փափազեանին հետ։

    34 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #26 - Միհրան Միհրանեան

    🇦🇲Առանց տեսնելու, առանց գիտնալու, ինչպէ՞ս կըլլայ հայրենիքի սէրը։

    🇱🇧🇸🇾🇦🇪Պէյրութ, Հալէպ, Տուպայ, բայց յատկապէս՝ Երեւան։ Զանազան ազգերու հետ շփուելով՝ ամենափայլունը հայ ազգն է։

    ✍️Զգացած է, որ վեց մատ ունի, եւ վեցերորդ մատը մատիտն է։

    🇦🇲Հայ ժողովուրդի անցեալն իմանալ, անցեալը ճանչնալ ու այդպէս նայիլ ապագային։

    «Բոլորը սիրելի են ինծի, նոյնիսկ՝ անգրագէտները...»,-այսպէս կ՚ըսէ ան։

    ⭕️ Նշուած թեմաներու մասին Սագօ Արեան զրուցած է երգիծանկարիչ Միհրան Մինասեանին հետ։

    40 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #25 - Հրաչ Քալսահակեան

    🌟Մեր խօսակիցը «սուբըր սթա՞ր» է։

    Ի՞նչ ըսել է տարակարծիք ըլլալ, տարակարծութիւնը որո՞ւ «մահն» է։

    🇦🇲Հայաստանի մէջ փոփոխութիւնները երեւելի՞ են։

    🍕Փոփոխութիւնը «փիցա»ին հետ կա՞պ ունի։

    Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միջոցներով պիտի զարգացնենք Հայաստանը։

    Հայ ժողովուրդը ժամանակի լուրջ խնդիր ունի, ժամանակը մեր դէմն է։

    ⭕️Նշուած թեմաներու մասին Սագօ Արեան զրուցած է պլոկըր, համայնքային գործիչ Հրաչ Քալսահակեանին հետ

    50 min

About Եկէք անկեղծ խօսինք

From the publisher's feed

Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը:

  • Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր…