Եկէք անկեղծ խօսինք

Եկէք անկեղծ խօսինք

By Սագօ ԱրեանBusinessHistoryCareers
Download on the App Store

Եկէք անկեղծ խօսինք episodes

  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #24 - Պարգեւ Թասլաքեան

    🇦🇲🇱🇧Մեր հիւրը երկու հայրենիք ունի։

    🎵Ո՞ր մեղեդիներն են անչափ հզօր։

    🇱🇧Ինչպէ՞ս «իսլամիստներ»ը սպառնացին անոր՝ Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ։ Ինքնաշարժի խափանում, ապա մէկ տարի անց՝ «բանակցութիւններ»։

    🇹🇷🇦🇲 Ինչպէ՞ս վարուեցաւ տեսնելէ ետք, որ թուրք «համարուած» երաժիշտը հայ դուրս եկաւ։

    ⭕️ Նշուած թեմաներու մասին Սագօ Արեան զրուցած է երաժիշտ, խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանին հետ

    38 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #23 - Տիգրան Եկաւեան

    🇦🇲Հայ ըլլալը ընտրութի՞ւն Է։

    Սփիւռքին եւ Սփիւռքի հայութեան հանդէպ վստահութեան հարց մը ունի՞ն հայկական կառոյցները։

    🇦🇲🇨🇾Ո՞վ եւ ինչո՞ւ դաւաճանեց սփիւռքին, երբ փակեց Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը։

    Սփիւռքի մէջ թիւ մէկ քանդողները ովքե՞ր են։

    Եկեղեցի երթալը միայն ձեւական մօտեցում մը չէր երէկ, այսօր ալ այդպէս չպէտք է ըլլայ։

    Մենք կարիք ունինք նոր գրականութեան մը եւ նոր շունչի մը։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է ֆրանսահայ լրագրող Տիգրան Եկաւեանին հետ։

    38 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #22 - Արթօ Թունչպօյաճեան

    🇦🇲Սփիւռքահա՞յ, թէ հայաստանցի…

    «Ես եմ Հայաստան»ը. մեր հիւրը ինքզինք նոյնացուցած է Հայաստանին հետ։

    Առանց «Այ. Ֆոն»ի ո՞ւր երթալ։

    Զգացումները հեռախօսներով կամ սարքերով կը չափո՞ւին։

    Ապրիլ քսանչորսը ուրախ օ՞րն Է. ինչո՞ւ:

    Հայութեան իրական արժէքը ի՞նչն է։

    Նաւթ չունինք, ոսկի չունինք... ի՞նչ ունինք։

    Նաւթը օր մը պիտի վերջանայ, բայց հայութեան արժէքները կը մնան։

    ⭕️Սագօ Արեան զրուցած է պոլսահայ երգիչ, կատարող եւ երաժիշտ՝ Արթօ Թունչպօյաճեանին հետ։

    38 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #21 - Աւետիս Ռազմիկ (Փոշօղլեան)

    Ազատութեան սահմանում, մամուլ եւ լրագրութիւն։

    🇦🇲Ինչո՞ւ հայերս սոսկալի ենք։

    «Լոլոներ»ը ո՞ւր կը տանին մեզ։

    🇦🇲🇨🇾Կիպրոսը, Մելգոնեան վարժարանը եւ «ազգակործան քաղաքականութիւն»ը։

    ⛪Ինչո՞ւ եկեղեցի երթալ։

    Ո՞վ է իսկական խմբագիրը։

    Ո՞վ է իրական հայրենասէրը եւ ինչո՞ւ։

    ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է պատմաբան, հրապարակախօս՝ Աւետիս Ռազմիկին հետ։

    32 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #20 - Հրայր Գալեմքէրեան

    🇦🇲Հայկական թատրոնը «ողջ» է՞, թէ՞ «մեռած»։

    🇦🇲🇱🇧Լիբանանահայութիւնը եւ թատրոնը։

    Հայոց լեզուն «հիւանդանոց»ի ո՞ր սենեակն է այս օրերուն։

    Կէս միլիոն դիտում ունեցած են Պուրճ Համուտի մասին պատմող տեսանիւթերը։

    Սփիւռքին «սփիւռքը ո՞ւր է...

    🇦🇲«Հայ լեզուն տունն է հայուն»… ճիշդ է, բայց այդ տունը պէտք է վերանորոգել...

    Ան Միայն 3 ամիսով եկած է Հայաստան, ու այդ 3 ամիսը դարձած է 33 ամիս։

    ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է բեմադրիչ, դերասան եւ multimedia artist Հրայր Գալեմքէրեանին հետ։

    46 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #19 - Հրակ Փափազեան

    🇹🇷🇬🇪Ո՞վ եւ ինչո՞ւ եւ որո՞ւ համար է, որ կ՚ըսենք՝ «Ծնած է Պոլիս, եւ մեռած է Թիֆլիս»։

    Ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ հետդ, երբ կը գտնուիս լերան գագաթին եւ երբ խօսակիցդ՝Թուրք է։

    Մենք ճանչցա՞ծ ենք թուրքը եւ Թուրքիան։

    Ո՞ւր է «մեր» տունը եւ ի՞նչ ընել այդ «տան զգացում»ը ապրելու համար։

    🇦🇲Ի վերջոյ ինչո՞ւ անցնող տարիները սպառումի եւ մաշումի տարիներ եղան։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան խօսած է երիտասարդ մտաւորական, համալսարանի դասախօս՝ Հրակ Փափազեանին հետ։

    49 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #18 - Գէորգ Եազըճեան

    🇸🇾🇱🇧Քեսապ-Պէյրութ ճանապարհներէն ի՞նչ յիշողութիւններ ունի ան։

    Ի՞ նչ ըսաւ արաբ գիւղացին եւ ինչո՞ւ զարմացաւ ինք։

    🇦🇲Հայութեան այսօրուայ մարտահրաւէրները։

    Կարգապահութիւն ու օրէնք յարգելը կարեւոր են։

    🇩🇪🇯🇵Գերմանիան ու Ճաբոնը ինչպէ՞ս կրցան դուրս գալ աղէտներէ։

    Այսօրուայ պայքարն ինքնութեան համար է։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է հրապարակախօս, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի հետ

    40 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #17 - Ստեփան Փարթամեան

    Ո’չ կրօնքը, ո’չ պատմութիւնը, այլ մշակոյթն է, որ կրնայ փրկել հայութիւնը։

    🇦🇲Մենք այսօր մշակոյթ չունինք եւ մեր մշակոյթը հայկական չէ...

    🇦🇲Երեւանը այսօր «շաուրմայանոց» դարձած է։

    🇨🇳Օր պիտի գայ, երբ Երեւանի բոլոր ցուցանակները չինարէնով պիտի գրուին։

    Այսօր մենք ցաւ «չունինք», եւ բոլորը ուրախ են։

    🇺🇸Անոնք, որ մօրս հայհոյած են, զիրենք «Foreston» ղրկած եմ։

    ⭕️Սագօ Արեան «Եկէք Անկեղծ Խօսինք»-ով զրոյց մը ունեցած է Ստեփան Փարթամեանին հետ․

    41 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #16 - Արէն Տէյիրմենճեան

    🇦🇲Ի՞նչ պայմաններու տակ Հայաստանը նոր էջ մը բացաւ Արէն Տէյիրմենճեանի կեանքին մէջ։

    Հայաստանի համար մեծ գործ կայ ընելիք։

    Մեր երկիրը կարիքն ունի ուշադրութեան, որ վաղուան օրը չղջանք։

    Ուր ալ աշխատիս, պարտաւոր ես արհեստավարժ ըլլալ։

    🇦🇲Մեր խօսակիցին մեծ երազն է, որ տարիներ անց Հայաստանը դառնայ այն երկիրը, ուր բոլոր հայերը փափաքին ապրիլ։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է AMAA-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ ՝Արէն Տէյիրմենճեանին հետ։

    35 min
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #15 - Թամար Նաճարեան-Իսաճանեան

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Թամար Նաճարեան-Իսաճանեանին հետ։

    ❓📖Ինչ պայմաններու տակ գիրքը դարձաւ սիրելի։

    Իւրաքանչիւր տան մէջ, գիրքին հանդէպ սէրը «փոխանցիկ» պէտք է ըլլայ եւ մեր խօսակիցի պարագային այդ «փոխանցում»ը կատարած է Թամարի մայրիկը։

    🇦🇲📚Ի՞նչ կը յիշենք այն գրադարարններուն մասին, որ կը գտնուին հայկական դպրոցներուն մէջ, եւ որոնք յաճախ անտեսուած կ՚ըլլան։

    💟Իրար հանդէպ սէրը ամէնէն աւելի կարեւորն է, այսօր հայութեան մէջ հիմնականին մէջ սիրոյ պակասն է։

    Ինչ պայմաններու բերումով եւ ինչու համար շարք մը մարդիկ, որոնք հայրենասէր կը ներկայանան այսօր բռնած է գաղթի ճամբան։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց» մը ունեցած է Թամար Նաճարեան-Իսաճանեանին հետ։

    36 min

About Եկէք անկեղծ խօսինք

From the publisher's feed

Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը:

  • Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր…