
Sign up to save your podcasts
Or


🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Մովսէս Հերկելեանին հետ
🇱🇧Իրենց համար աշխարհը կը սկսէր Այնճարէն եւ կը հասնէր մինչեւ Սաննինի լեռները։
Ո՞վ էր, որ զիրենք կը ծեծէր եւ ստիպելով եկեղեցի կը տանէր։
Ըստ մեր հիւրին այսօր մենք յանձնառու, հեղինակութիւն ունեցող մտաւորական չունինք։
Կան խորհրդաւոր ուժեր, որ կը կառավարեն այսօրուայ աշխարհը։
🇦🇲Արհեստական բանակութեան մէջ ամենաուժեղը հայե՞րն են։
🌏Աշխարհ մը առանց սահմաններու, ոչ անձագիր, ոչ կնիք ոչ ալ սահմաններ։
⭕️Այս բոլորին մասին լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ (Բնիկ Մուսալեռցի) արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին հետ։
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը ՝ Սարին Հայրապետեանին հետ
🇦🇲Սարին Հայրապետեանի ն համար Հայաստանը ամէն բանէ առաջ տուն է։ Քաղցր տուն, ինչու այս փուլին եւ ինչ նպատակներով։
🇦🇲🇵🇸«Ժամանակը հասած էր,որ ես Արցախի մասին պատմէի»,- կը նշէ Սարին հաւատալով, որ վերադարձի դռները չեն փակուած։
Պաղեստինի խնդիր եւ Արցախի խնդիրը մօտ են իրարու եւ այդ մէկը երիտասարդ բեմադրիչին նոր ուժ մը տուած է։
Անոր յորդորը՝ «Եկէք Հայաստան, հոս ամէն ինչ տարբեր է»։
⭕️Այս բոլորի մասին Սագօ Արեան զրուցած է երիտասարդ բեմադրիչ եւ վաւերագրող՝ Սարին Հայրապետեանի հետ։
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը՝ Արա Սանճեանին հետ 🇱🇧Ի՞նչ են արմատները Լիբանանի մէջ եղած եղբայրասպան կռիւներուն։ 1958 թուականին Լիբանանի մէջ եղած տխուր դէպքերը խորքին մէջ ախտանիշ էին։ Որո՞նք եղան օգտուողները այդ բոլորէն։ 🇦🇲Համաշխարհային պայմանները մեծ դեր ունեցան ներ-հայկական մեծ պայքարին առընթեր։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան անկեղծ զրոյց մը ունեցած է պատմաբան, համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Արա Սանճեանին հետ։
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը ՝ Նորա Արմանիի հետ։
🎭Թատրոնը եթէ մեռնի, մեր մշակոյթն ալ կը մեռնի։
🇦🇲Բոլոր ժամանակներուն ալ Հայաստանի սէրը միշտ վառ եղած է ինծի համար։
Նոյնիսկ Սովետի օրերուն մեր տան մէջ Հայաստանը միշտ ալ ներկայ էր։
Եթէ ամէն հայ իր գործով զբաղի, այն ատեն մեր վիճակը աւելի լաւ պիտի ըլլայ։
🤞Հայութեան համար միակ լուծումը՝ միասնականութիւնն է։
⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեանին հետ զրուցած է հանրայայտ դերասանուհի, մշակոյթի գործիչ՝ Նորա Արմանին։
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը ՝ Նորա Արմանիի հետ։
🎭Թատրոնը եթէ մեռնի, մեր մշակոյթն ալ կը մեռնի։
🇦🇲Բոլոր ժամանակներուն ալ Հայաստանի սէրը միշտ վառ եղած է ինծի համար։
Նոյնիսկ Սովետի օրերուն մեր տան մէջ Հայաստանը միշտ ալ ներկայ էր։
Եթէ ամէն հայ իր գործով զբաղի, այն ատեն մեր վիճակը աւելի լաւ պիտի ըլլայ։
🤞Հայութեան համար միակ լուծումը՝ միասնականութիւնն է։
⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեանին հետ զրուցած է հանրայայտ դերասանուհի, մշակոյթի գործիչ՝ Նորա Արմանին։
From the publisher's feed
Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը:
Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան: