Կը նշենք Հրանդ Տինքի սպաննութեան 19րդ տարելիցը: Այս առիթով ինչպէս ամէն տարի, կը ձայնասփռեմ Հրանդի հետ ունեցած զրոյցներէն մէկը: Այս տարի, ընտրեցի իր հետ կատարած հարցազրոյցներէն մէկը որ ձայնասփռած էի 22 տարիներ առաջ, Յունուար 2004-ին: Հարցազրոյցի գլխաւոր նիւթերն են՝ նոր Տարուայ և Ս Ծննդեան տօնակատարութիւնները Պոլսոյ մէջ և շնորհաւորութիւններ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, իր այցելութիւնը Եգիպտոս և հանդիպումը հայ համայնքին հետ, Ատոմ Էգոյանի Արարատ ֆիլմի ցուցադրութեան յառաջացուցած խնդիրները Թուրքիոյ մէջ և ծայրայեղականներու պայքարը չեղարկելու ցուցադրութիւնը, Անդրանիկ Չելեպեանի Անդրանիկը և Հայ Յեղափոխական Շարժումը գիրքի թարգմանութիւնը թրքերէն և հայ և թուրք պատմաբաններու ծրագրուած հանդիպում Զուիցերիոյ մէջ: