2026-ին, SBS-ի Հայկական ծառայութիւնը կը նշէ իր 50-ամեակը: 1976-ին, Պարոն Ստեփան Գրգեաշարեան իր առաջին հաղորդումը կատարեց այն ժամանակուայ 2EA կայանով ապա անոր միացաւ Տիկին Մատիանա Իվանեանը և շարունակեց հաղորդումները: Այս տարեդարձը նշելու համար, մենք յատուկ հաղորդումներ կրկին պիտի ձայնասփռենք, ներառեալ յիշարժան հարցազրոյցներ եւ անցեալի ու ներկայի հաղորդավարներու կարեւորագոյն դրուագները: Շնորհակալութիւն նաեւ մեր ունկնդիրներուն իրենց շարունակական աջակցութեան եւ տարիներու ընթացքին արժէքաւոր կապեր ստեղծելուն համար: Գալիք շաբաթներուն, պիտի լսէք պատմութիւններ, որոնք առաջին անգամ հեռարձակուած են SBS Հայերէնի կողմէ 1996-ին, ճիշդ երեսուն տարի առաջ։ Այս դրուագը, մաս կը կազմէ հաղորդաշարի մը նուիրուած հայկական գրականութեան և պատրաստուած է և կը ներկայացնէ հանգուցեալ Վահէ Օշականը (1922 – 2000): Այս դրուագը հեռարձակուած էր Յունուար 1996-ին և կ'ուսումնասիրէր հայերուն եւ սուրիացիներուն միջեւ եզակի գրական կապերը։